Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերպական Շրջանը Կը Սպառնայ Անջատուիլ Պոսնիայէն

Փետրուար 19, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոսնիոյ սերպերը կը սպառնան անջատուիլ Պոսնիայէն` փորձելով ձերբազատիլ երկրի գերագոյն դատարանին մէջ օտար դատաւորներէն: Անոնք այդպիսով կը ստեղծեն քաղաքական այլ տագնապի մը վտանգը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ-ն:

Պոսնիոյ Իսլամ-խրուաթ-սերպ դաշնակցային հանրապետութեան երեք մասերէն մէկը եղող Սերպական հանրապետութիւնը Պոսնիոյ սահմանադրական դատարանը բարեփոխելու համար 60 օրուան պայմանաժամ մը ճշդեց:

«Ցտեսութիւն Պոսնիա՛, ողջո՛յն Սերպական հանրապետութիւն-ելք», ըսաւ Պոսնիոյ եռանդամ նախագահութեան սերպ անդամ Միլորատ Տոտիք` աւելցնելով. «Զիրար կը տեսնենք 60 օր ետք»:

Երկրին սահմանադրական դատարանին մէջ երկու խրուաթներու, երկու իսլամներու եւ երկու սերպերու կողքին երեք օտար դատաւորներ կը ծառայեն, ինչ որ 1992-1995 տարիներու պատերազմին վերջ տուած եւ Պոսնիան երեքի բաժնած խաղաղութեան համաձայնութեան արդիւնք է:

Դատարանը այս ամիս որոշեց, որ երկրագործական անտէր հողագործական հողերը կը դադրին Սերպական հանրապետութեան սեփականութիւնը ըլլալէ եւ ինքնաբերաբար կը դառնան Պոսնիոյ պետութեան սեփականութիւնը, ինչ որ կը հակասէ սերպական շրջանի օրէնքին:

«Սերպերը յուսախաբ են իրենց ինքնութիւնը խախտելու նպատակ հետապնդող շարունակական ջանքերէն», սերպ երեսփոխաններուն ըսաւ Սերպական հանրապետութեան նախագահ Զելժքա Գվիժանովիչ:

Երեսփոխանները անցեալ շաբաթ զօրակցեցան իրենց ղեկավարներուն այն որոշումին, թէ Պոսնիոյ կեդրոնական մարմիններուն մէջ պաշտօնավարող սերպերը կը դադրին գործելէ եւ որոշումներու կայացման մասնակցելէ:

Օտար երկիրներ ներկայացնող դեսպանները յայտարարութիւն մը հրապարակելով` զգուշացուցին.«Հաստատութիւններէն միակողմանի հեռանալը, կամ անոնց մէջ որոշումի կայացման հոլովոյթը արգելակելը անընդունելի են»:

«Կարմիր գիծը շրջանցուած է», շաբաթավերջին ըսաւ Տոտիք, որ վերջերս իրերայաջորդ կերպով արտայայտած է Սերպական հանրապետութեան անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու իր մտադրութիւնը: Ան Արեւմուտքը ամբաստանեց «Սերպական հանրապետութիւնը խեղդելու» պոսնիացի իսլամներուն ջանքերուն նպաստելու մէջ:

Ան ըսաւ, թէ 60 օր ետք «նոյնիսկ աւելի համոզուած» պիտի դառնայ, թէ Սերպական հանրապետութիւնը պէտք է Պոսնիայէն անջատուի:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Արտօնած Են ՖԵԹՕ-ի Հետ Կապեր Ունենալով Կասկածելի 98 Այլ Անձերու Ձերբակալութիւն

Յաջորդը

«Մտադիր Ենք Իսլամներու Ուխտագնացութեան Համար Դէպի Սէուտական Արաբիա Ուղղակի Թռիչքներ Կազմակերպել» Կ՛ըսէ «Լիքուտ» Պլոքի Ղեկավարը

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?