Կիրակի, 16 փետրուարին Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի կեդրոնատեղիին առջեւ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» կայքը:
Կալանաւորուածներու շարքին կային նաեւ երեսփոխանական թեկնածուներ, որոնք եկած էին ստանալու պատասխանը իրենց ներկայացուցած բողոքներուն, որոնք կը վերաբերէին խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած կեղծիքներուն:
Ոստիկանները, որոնք փակած էին շէնքին բոլոր մուտքերը, ժամը 15:00-ին սկսած են բռնի ուժով բոլորը փոխադրակառքեր նստեցնել:
Քանի մը հոգիէ բաղկացած երեսփոխանական թեկնածուներու խումբը սկսած է բացագանչել` «Ազատութիւն ընտրութիւններուն» եւ շուտով «ոստիկաններու բաժին» դարձած է:
Աւելի ուշ «Մուսաւաթ» կուսակցութիւնը ներկայացուցած է ձերբակալուածներու ցանկը, որուն մէջ եղած է նաեւ կուսակցութեան նախագահ Արիֆ Հաճըլըն:
Ցոյցի ծիրին մէջ եւ անոր նախորդած օրուան ընթացքին ձերբակալուած են 55 անձեր: Ձերբակալուածները դուրս բերած են Պաքուի սահմաններէն, ոմանք ազատ արձակած են, իսկ ոմանց ալ կալանաւորման վայրը մնացած է անյայտ: