Հունգարիան մտադիր է 2023 թուականէն սկսիլ ազրպէյճանական կազի ներածման: «Ինթերֆաքս»-ի ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած Ազրպէյճան-Հունգարիա միջկառավարական յանձնախումբի ժողովին յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոն:
«Ամէնամեայ 1-2 միլիառ խորանարդ կազը, որ Հունգարիան Ազրպէյճանէն պիտի ստանայ, զգալիօրէն պիտի բարձրացնէ երկիրի ուժանիւթային ապահովութիւնը: Հունգարիան պիտի կարենայ կազ ներածել 2023 թուականէն սկսեալ», ըսած է Սիրարթոն` աւելցնելով, որ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ «Հարաւային կազային միջանցքի» ճամբով, որուն շինարարութիւնը պիտի աւարտի մօտ օրէն:
Հունգարիոյ վարչապետը նաեւ տեղեկացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ այլ ներդրումային ծրագիրներու մասին:
Յիշեցնենք, որ Հունգարիան 31 օգոստոս 2012-ին Ազրպէյճանին արտայանձնած էր ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովը, որ 19 փետրուար 2004-ին կացինահարած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը:
Սաֆարով դատապարտուած էր ցկեանս բանտարկութեան, սակայն Հունգարիոյ իշխանութիւնները 2012-ին զինք արտայանձնեցին Ազրպէյճանին, ուր ան անմիջապէս համաներում ու վարձատրութիւն ստացաւ եւ դարձաւ ազգային հերոս: