Միջազգային

«Էֆ.Պի.Այ.»-ի Նախկին Ղեկավարը Խոստացած Է  Թրամփի Վերընտրման Պարագային  Նոր Զելանտա Տեղափոխուիլ

«Էֆ.Պի.Այ.»-ի Նախկին Ղեկավարը Խոստացած Է Թրամփի Վերընտրման Պարագային Նոր Զելանտա Տեղափոխուիլ

Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակի` «Էֆ.Պի.Այ.»-ի նախկին տնօրէն Ճէյմս Քոմի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներէն պիտի հեռանայ, եթէ երկրի ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յաջողի երկրորդ նստաշրջանով նախագահ վերընտրուիլ: «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդեն ամերիկեան լրատուամիջոցները: Նաշվիլի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին Քոմիի հարցուցած են, թէ ան ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ Թրամփ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն...

Ռուհանի. «Իրան Ամերիկայի Հետ Պիտի Բանակցի,  Եթէ Վերամիանայ Հիւլէական Համաձայնութեան  Եւ Պատժամիջոցները Ջնջէ»

Ռուհանի. «Իրան Ամերիկայի Հետ Պիտի Բանակցի, Եթէ Վերամիանայ Հիւլէական Համաձայնութեան Եւ Պատժամիջոցները Ջնջէ»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի նշեց. «Զօրավար Քասեմ Սլէյմանիի յուղարկաւորութեան ժողովրդային բազմամարդ մասնակցութիւնը կը հաստատէ, որ անոր սկսած ուղին պիտի շարունակուի»: «Իրանցի ժողովուրդին վրայ Միացեալ Նահանգներու ճնշումներուն նպատակը մեզի բանակցիլ պարտադրելն է, սակայն այդ մէկը անկարելի է: «Մենք երկխօսութեան սեղան պիտի չնստինք, երբ տկար ենք: Իրան Ուաշինկթընի հետ պիտի բանակցի, եթէ վերամիանայ հիւլէական համաձայնութեան եւ ջնջէ պատժամիջոցները, եւ մենք պիտի չընկրկինք...

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ  Առաւ Հուրիաթան Եւ Ատնան Քաղաքները  Հալէպի Մէջ Տօնախմբութիւն` Քաղաքի Անվտանգութեան Ապահովման Համար

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Հուրիաթան Եւ Ատնան Քաղաքները Հալէպի Մէջ Տօնախմբութիւն` Քաղաքի Անվտանգութեան Ապահովման Համար

Կիրակի, 16 փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը իր զինուորական գործողութիւնները սաստկացուց Հալէպի արեւմտեան արուարձանին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման վրայ` ազատագրելով Հալէպի արեւմտեան եւ հիւսիս արեւմտեան շրջաններու Հայյան, Հրէթան, Անատան, Պեանուն, Լերամուն, Քաֆար Համրա, Քաֆար Տաաէլ, Մանսուրա, Թալ Շուէհնէ, Հալաքիմ, Ճամաիաթ Զահրաա, Մաարաթ Արթիք եւ Շանթարա գիւղերն ու արդարադատութեան պալատի շրջանը, ինչպէս նաեւ Իտլիպի Խան Շէյխունի հիւսիսային...

«Լաւրովի Յայտնեցի, Թէ Իտլիպի Մէջ Սուրիոյ  Յարձակումները Պէտք Է Անմիջապէս Դադրին»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Լաւրովի Յայտնեցի, Թէ Իտլիպի Մէջ Սուրիոյ Յարձակումները Պէտք Է Անմիջապէս Դադրին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց, թէ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին փոխանցած է, թէ Իտլիպի շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակի յարձակումները պէտք է անմիջապէս դադրին, եւ այդտեղ մնայուն զինադադար հաստատուի: Չաւուշօղլու Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ այս մասին տեղեկացուց լրագրողներուն: Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ ըսաւ, որ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ` յայտնելով, որ Ուաշինկթըն...

4 Հրթիռներ Ինկած Են Պաղտատի  «Կանաչ Շրջան»-ի Մէջ

4 Հրթիռներ Ինկած Են Պաղտատի «Կանաչ Շրջան»-ի Մէջ

«Մայատին» հաղորդեց, որ երէկ չորս հրթիռներ ինկած են Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի «Կանաչ շրջան»-ին մէջ գտնուող Միջազգային դաշինքի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին վրայ: ԱՖՓ իր կարգին հաղորդեց, որ կիրակիի առտուան առաջին ժամերուն Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ լսուած են պայթումի ձայներ, որոնց հետեւած են շրջանին վերեւ օդանաւի թռիչքներ, ինչպէս նաեւ ահազանգ հնչած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շրջանին մէջ: Ոչ մէկ կողմ ստանձնած է ամերիկեան դեսպանատան...

Ուքրանիան, Վրաստանն Ու Մոլտովան Եւրոպական  Միութենէն Ելեւմտական Օգնութիւն Խնդրած Են

Ուքրանիան, Վրաստանն Ու Մոլտովան Եւրոպական Միութենէն Ելեւմտական Օգնութիւն Խնդրած Են

Ուքրանիան, Վրաստանն ու Մոլտովան Եւրոպական յանձնաժողովին ուղղուած միացեալ դիմում ստորագրած են` կառոյցէն ելեւմտական օգնութիւն խնդրելով: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին մէջ կը նշուի, որ միացեալ դիմումի տակ ստորագրած են երեք պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները: Փաստաթուղթի ստորագրումը տեղի ունեցած է Միւնիխի Անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ: Նշեալ փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ելեւմտական օգնութիւնը կարեւոր...

Քանատան, Ուքրանիան Եւ Երեք Այլ Երկիրներ Իրանէն Կը Պահանջեն Անյապաղ Փոխհատուցել Թեհրանի Մէջ  Վար Առնուած Ուքրանական Օդանաւի  Զոհերուն Հարազատներուն

Քանատան, Ուքրանիան Եւ Երեք Այլ Երկիրներ Իրանէն Կը Պահանջեն Անյապաղ Փոխհատուցել Թեհրանի Մէջ Վար Առնուած Ուքրանական Օդանաւի Զոհերուն Հարազատներուն

Քանատայի, Աֆղանիստանի, Բրիտանիոյ, Շուէտի եւ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները Իրանէն կը պահանջեն անյապաղ փոխհատուցել Թեհրանի վերեւ թռիչք կատարած ուքրանական օդանաւի վար առնուելուն իբրեւ հետեւանք զոհուածներու հարազատներուն: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին շաբաթ օր Միւնիխի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա¬Ֆիլիփ Շամփան: «Սի.Պի.Էս» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ քանատական դիւանագիտութեան պետը ըսած է. «Մենք կը պնդենք, որ Իրանի միջազգային...

Չինաստանի Մէջ Մտադիր Են Մահապատիժի  Դատապարտել «Քորոնա» Ժահրի  Ախտանիշները Թաքցնողները

Չինաստանի Մէջ Մտադիր Են Մահապատիժի Դատապարտել «Քորոնա» Ժահրի Ախտանիշները Թաքցնողները

Չինաստանի իշխանութիւնները մտադիր են մահապատիժ կիրարկել «ԳՕՎԻՏ¬2019» նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու փաստը կամ ալ վարակակիրի առողջական վիճակի վերաբերեալ տուեալներ թաքցնողներուն հաշուոյն: «Տէօչէ Վելէ»¬ի կայքը կը նշէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Չինաստանի դատարանի մը յայտարարութեան մէջ: Բացի այս, քրէական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին բոլոր անոնք, որոնք պիտի թաքցնեն իրենց ուղեւորութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւնները: Վարակի աղբիւր դարձած ու ատոր տարածման պատճառ եղած անձը...

Հրթիռային Յարձակում Քերքուքի Մէջ  Ամերիկեան Ուժեր Հիւրընկալող  Ռազմակայանի Մը Վրայ

Հրթիռային Յարձակում Քերքուքի Մէջ Ամերիկեան Ուժեր Հիւրընկալող Ռազմակայանի Մը Վրայ

Երէկ «Քաթիուշա» տիպի հրթիռ մը ինկաւ Քերքուքի մէջ գտնուող «Քէյ 1» ռազմակայանին վրայ, ուր տեղակայուած են ամերիկեան ուժեր: Յարձակումէն ետք ամերիկեան պատերազմական օդանաւեր աշխուժ թռիչքներ կատարեցին Քերքուքի վերեւ:

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 24-25 փետրուարին Ազրպէյճան պիտի այցելէ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Էրտողանի եւ Ալիեւի մասնակցութեամբ Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ թուրք-ազրպէյճանական ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստ:

Էրտողան. «Ամէն Բան Պիտի Ընենք  Սուրիական Վարչակարգը Իտլիպի Մէջ Մեր  Հսկողութեան Կէտերուն Ետին Հեռացնելու»

Էրտողան. «Ամէն Բան Պիտի Ընենք Սուրիական Վարչակարգը Իտլիպի Մէջ Մեր Հսկողութեան Կէտերուն Ետին Հեռացնելու»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Իտլիպի մէջ սուրիական վարչակարգին յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած թրքական բանակի կորուստներուն թիւը հասաւ 14 զոհի եւ 45 վիրաւորի»: «Վարչակարգը, ինչպէս նաեւ անոր հետ գործող ռուսական ուժերն ու Իրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսները Իտլիպի մէջ շարունակ յարձակում կը գործեն քաղաքայիններու վրայ, ջարդեր կը կատարեն ու արիւնահեղութիւն կը պատճառեն, եւ եթէ նոյնիսկ բոլոր իրենց աչքերը փակեն, կռնակ...

Նիւ Համփշայրի Մէջ Դեմոկրատական  Կուսակցութեան Նախնական Ընտրութեան  Յաղթականը Սանտըրսն Է

Նիւ Համփշայրի Մէջ Դեմոկրատական Կուսակցութեան Նախնական Ընտրութեան Յաղթականը Սանտըրսն Է

Նիւ Համփշայրի մէջ դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման նախնական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրեց ծերակուտական Պըռնի Սանտըրս: Քուէներու շուրջ 90 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք, Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ յառաջդիմական թեւի ղեկավար Սանտըրս ապահոված է քուէներուն 26 առ հարիւրը, իսկ անոր անմիջական մրցակից, Ինտիանա նահանգի Սաութ-Հենտ քաղաքի նախկին քաղաքապետ Փիթ Պութեճիճ ապահոված է քուէներուն 24,3 առ հարիւրը: Երրորդ դիրքը գրաւած է Մինեսոթայէն ծերակուտական Էմի...

Ազրպէյճանի Ոստիկանութիւնը Բռնի  Կերպով Ցրուած Է Երեսփոխանական  Թեկնածուներու Բողոքի Ցոյցը

Ազրպէյճանի Ոստիկանութիւնը Բռնի Կերպով Ցրուած Է Երեսփոխանական Թեկնածուներու Բողոքի Ցոյցը

Ազրպէյճանի մէջ խումբ մը երեսփոխանական թեկնածուներ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց մը կատարած են` կիրակի օր տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին արձանագրուած կեղծիքներուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» կայքը: Երեսփոխանական թեկնածուները լրագրողներու դիմաց ընթերցած են իրենց կոչը, սակայն ընթերցման ատեն ոստիկանները խանգարած են զիրենք եւ կոչ ուղղած` «չխախտելու հասարակական կարգը» եւ պահանջած ցրուիլ: Ի պատասխան...

Չինաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի  Զոհերուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Չինաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Զոհերուն Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակով վարակուած մարդոց թիւը հասած է աւելի քան 44.600-ի, անոնցմէ 1113-ը մահացած են, իսկ 4740-ը` բուժուած: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Չինաստանի առողջապահութեան հարցերով պետական յանձնախումբին: Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր աւելի քան 42.600 վարակուածի, 1016 զոհի եւ 3996 ապաքինածի մասին: Հոնկ Քոնկի մէջ արձանագրուած է վարակման 49 դէպքեր, որոնցմէ...

«Այն Ասատ Ռազմակայանին Վրայ Մեր Յարձակումին  Մասին Տակաւին Չբացայայտուած  Բազմաթիւ Տեղեկութիւններ Կան»  Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

«Այն Ասատ Ռազմակայանին Վրայ Մեր Յարձակումին Մասին Տակաւին Չբացայայտուած Բազմաթիւ Տեղեկութիւններ Կան» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի օդատիեզերական ուժերու հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հաժիզատէ յայտնեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան Այն Ասատ ռազմակայանին դէմ յարձակումին մասին տակաւին բազմաթիւ չբացայայտուած տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: Հաժիզատէ յայտնեց, որ այդ տեղեկութիւններուն բացայայտումը կարիքը ունի անկախ նիստի մը, որպէսզի իրանցի ժողովուրդը իրազեկ դառնայ: Հեգնելով ամերիկեան լրատուամիջոցներու այն հաղորդումները, թէ` սակաւաթիւ ամերիկացի զինուորներ ուղեղային ցնցում...

Էրտողան. «Սուրիոյ Կառավարութիւնը  Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ».  Թուրքիան Պիտի Յայտարարէ Իտլիպի Մէջ  Իր Որդեգրելիք Քայլերուն Մասին

Էրտողան. «Սուրիոյ Կառավարութիւնը Շատ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ». Թուրքիան Պիտի Յայտարարէ Իտլիպի Մէջ Իր Որդեգրելիք Քայլերուն Մասին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, թէ սուրիական կառավարութիւնը «սուղ գին պիտի վճարէ» թուրք զինուորներուն վրայ իր կատարած յարձակումին համար, որուն պատճառով թրքական բանակին մէջ 5 զոհ եւ 5 վիրաւոր արձանագրուեցաւ: «Երէկ սուրիական կառավարութիւնը ուժեղ պատասխան մը ստացաւ: Պիտի շարունակենք այս ընթացքը: Անոնք սուղ գին պիտի վճարեն: Թուրքիոյ յաւելեալ քայլերուն մասին պիտի յայտնեմ վաղը խորհրդարանական նիստին ընթացքին», ըսաւ Էրտողան: Յիշեցնենք,...

Ապահովութեան Խորհուրդի  Նիստի Ընթացքին.  Ապպաս. «Դարու Գործարք»-ը Պիտի Չընդունինք  Եւ Գետնի Վրայ Դէմ Պիտի Դնենք Անոր Գործադրութեան»

Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Ընթացքին. Ապպաս. «Դարու Գործարք»-ը Պիտի Չընդունինք Եւ Գետնի Վրայ Դէմ Պիտի Դնենք Անոր Գործադրութեան»

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` ճնշում բանեցնելու իսրայէլեան կառավարութեան վրայ, որպէսզի դադրեցնէ իր բռնագրաւումի արարքները: Նշելէ ետք, թէ քաղաքական լուծումը առաջնահերթ է, Ապպաս յայտարարեց, որ կը մերժէ «քաղաքական լուծումը փոխանակել տնտեսական օժանդակութիւններուն հետ»: Ան իր խօսքը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղելով` ըսաւ. «Ամերիկեան ծրագիրը չի կրնար խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն իրագործել,...

Ազրպէյճան Մերժած Է Կատարել  Եւրոպական Խորհուրդին Պահանջները

Ազրպէյճան Մերժած Է Կատարել Եւրոպական Խորհուրդին Պահանջները

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուն մերժած է կատարել Եւրոպական խորհուրդի պահանջները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս-Ազրպէյճան» լրատու գործակալութիւնը: Ալիեւի խօսքով` որոշ միջազգային կազմակերպութիւններ կանխակալութեամբ կը գնահատեն Ազրպէյճանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքը, եւ «երբեմն բացասական եզրակացութիւնները կը պատրաստուին քուէարկութենէն առաջ»: Անոր համաձայն, Եւրոպական խորհուրդին կողմէ այդպիսի վերաբերմունքի վերջին դրսեւորումը եղաւ «Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն առնչուող տեղեկատուութեան մասին...

Իրանեան Յարձակումին Պատճառով  Վիրաւորուած Ամերիկացի Զինուորներուն  Թիւը Բարձրացած Է 109-ի

Իրանեան Յարձակումին Պատճառով Վիրաւորուած Ամերիկացի Զինուորներուն Թիւը Բարձրացած Է 109-ի

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ Այն Ասատ ամերիկեան ռազմակայանին վրայ իրանեան հրթիռային յարձակումին պատճառով 109 զինուորներ վիրաւորուած են: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակը կը յայտարարէ, թէ Այն Ասատ ռազմակայանին վրայ յարձակումէն վիրաւորուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը բարձրացած է: Պաշտօնատարներ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ նախորդ ամիս հաղորդուած 64 պարագաներուն կողքին, ուղեղային ցնցում ունեցողներու աւելի քան 100 պարագաներ...

Խօսելով Ազրպէյճանի Մէջ Բացայայտ  Խախտումներով Ընտրութիւններուն Մասին.  «Մէկը Կը Յաղթէ, Միւսը` Կը Պարտուի,  Իւրաքանչիւրը Պէտք Է Հաշտուի Իրականութեան Հետ»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

Խօսելով Ազրպէյճանի Մէջ Բացայայտ Խախտումներով Ընտրութիւններուն Մասին. «Մէկը Կը Յաղթէ, Միւսը` Կը Պարտուի, Իւրաքանչիւրը Պէտք Է Հաշտուի Իրականութեան Հետ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` խօսելով 9 փետրուարին Ազրպէյճանի մէջ բացայայտ ընտրական խախտումներով ու կեղծիքներով տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին, յայտարարած է, թէ ընտրութիւնները «շատ կարեւոր էին եւ պիտի նպաստեն երկիրին մէջ կատարուող բարեփոխումներուն»: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը գրէ, թէ Ազրպէյճանի նախագահը` յիշեցնելով, որ ընտրութիւններուն մասնակցած են մրցանշային թիւով թեկնածուներ, ըսած է. «Ատիկա ցուցանիշ է ընտրութիւններուն նկատմամբ մեծ վստահութեան»: «Մէկը...

Page 482 of 884 1 … 481 482 483 … 884

Արխիւներ