Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Մէջ Պղծուած Են Ռուսերու Գերեզմաններ

Փետրուար 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Օրթաքէօյ գերեզմանատան մէջ պղծուած են քսան քրիստոնեաներու գերեզմաններ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիէթ»-ը:

Բարբարոսները եղած են 6 դեռահասներ, որոնք ջարդած եւ շրջած են գերեզմանները:

Պղծուած են մեծ մասամբ ռուս քրիստոնեաներուն պատկանող գերեզմանները: Գերեզմանատան մէջ կայ ընդամէնը 72 ոչ իսլամական գերեզմաններ:

Գերեզմանատան պահակներ ձերբակալած էին յանցագործները, սակայն ոստիկանութիւնը, զանոնք հարցաքննելէ ետք, ազատ արձակած է:

Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Էրխով օրեր առաջ յայտարարած էր, որ Իտլիպի մէջ իրավիճակի սրումը թրքական ընկերային ցանցերուն վրայ հակառուսական սուր տրամադրութիւններ յառաջացուցած է: Ռուսիոյ դեսպանը իր կեանքին դէմ սպառնալիքներ կը ստանայ: Նոյնիսկ կը յայտարարէին, որ Սուրիոյ մէջ ռուս զինուորներու ոսկորներէն թումբեր պիտի կառուցեն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած էր, որ պետութիւնը կարելին կ՛ընէ ապահովելու համար ռուս դիւանգէտներուն անվտանգութիւնը:

Ռուսիոյ դեսպանը «Զվեզտիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Ինչ կը վերաբերին սպառնալիքներուն, ապա անոնց վերջինները, որոնք ստացուած են երէկ երեկոյեան եւ այսօր առաւօտեան, հետեւեալ բովանդակութեամբ են. «Մենք երկնաքերեր պիտի կանգնեցնենք ձեր զինուորներու գանկերէն», «Պիտի վճարէք ձեր հոսեցուցած ամէն մէկ կաթիլ արեան համար» եւ այլն»:

Դեսպանին համաձայն, նման հաղորդագրութիւններ կարելի չէ լուրջի չառնել, սակայն ան ամէնէն քիչ իր անվտանգութեամբ կը մտահոգուի, որովհետեւ ինք լաւապէս պաշտպանուած է: Նոյն ատեն դեսպանը ընդգծած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ ատելութեան հրահրումը կանխարգիլելու կարեւորութիւնը: Անոր խօսքով` այդպիսի մթնոլորտը կրնայ վտանգի տակ դնել ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ամբողջ կառոյցը:

Միւս կողմէ, «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Տրապիզոնի Ս. Մարիա կաթողիկէ եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած է ատելավառ յարձակում, որուն պատճառով անյայտ անձեր քանդած ու հրկիզած են հանգուցեալ Զեհրա Չոլաքի գերեզմանի խաչը:

Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան այդ առիթով հարցում ուղղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին` նշելով, որ նախքան յարձակումը, Չոլաքի յուղարկաւորութեան ընթացքին խումբ մը մարդիկ ուզած են սադրել արարողութիւնը` «Ալլահ ու աքպար» բացագանչելով:

«Այսպիսի յարձակում պատահած է նաեւ 7 փետրուարին Անգարայի քրիստոնեայ քաղաքացիներուն պատկանող Օրթաքէոյի գերեզմանատան մէջ: Անյայտ անձեր քանդած են 19 գերեզմանաքարեր: Ներքին գործոց նախարարին հարց կու տանք. Հրանդ Տինքի եւ Սանթարօ վարդապետի դէմ ոճիրները կատարուած էին Տրապիզոնի ոստիկանութեան կողմէ ուղղորդուած հրոսակախումբերու կողմէ: Տրապիզոնի ոստիկանութեան մէջ նման հրոսակախումբ կա՞յ», կը նշէ Փայլան:

Երեսփոխանը մասնաւորաբար հարցուցած է, թէ Զեհրա Չոլաքի յուղարկաւորութեան ժամանակ պատահած սադրանքին գծով նախարարութեան կողմէ հետաքննութիւն կը կատարուի՞, եւ արդեօք բացայայտուա՞ծ են պատասխանատուները, անոնց ինքնութիւնը ճշդուա՞ծ է, կասկածելիները արդարադատութեան մարմիններուն յանձնուա՞ծ են:

Ան նաեւ ուզած է գիտնալ, թէ Տրապիզոնի մէջ մահացած քրիստոնեայ քաղաքացիին յուղարկաւորութեան ժամանակ տեղի ունեցած սադրանքէն ետք ինչո՞ւ հարկ եղած ապահովութեան քայլերուն չեն ձեռնարկուած: Փայլանի կարծիքով` ատելութեան դրսեւորում եղող այդ յարձակումները պայմանաւորուած են անոնց քրիստոնեայ ըլլալով:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Ոստիկանութիւնը Դարձեալ Բռնի Ուժով Ցրուած Է Ընդդիմութեան Բողոքի Ցոյցը Եւ Ձերբակալած 55 Ցուցարարներ

Յաջորդը

Պատմական Քայլով Մը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Արաբական Առաջին Հիւլէական Կայանի Գործարկման Արտօնագիր Ստացած Են

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?