Միջազգային

Իրանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրէն Մահացած Է  Խամենէիի Խորհրդատուական  Մարմինի Անդամներէն Մէկը

Իրանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրէն Մահացած Է Խամենէիի Խորհրդատուական Մարմինի Անդամներէն Մէկը

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար, երկիրի բարձրագոյն ղեկավարի խորհրդատուական մարմինի անդամ Մոհամմետ Միրմոհամմետին մահացած է «Քորոնա» ժահրէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը: 72 տարեկան Միրմոհամմետիի մօտ «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած էր մէկ շաբաթ առաջ: Ան հիւանդանոցի մէջ կը դարմանուէր, սակայն անոր կեանքը կարելի չէ եղած փրկել: Նախապէս իրանցի պաշտօնատարներէն «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած էր նաեւ Իրանի փոխնախագահին, առողջապահութեան նախարարին, խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան...

Հիւսիսային Քորէա Ճափոնական Ծովու  Ուղղութեամբ Երկու Հրթիռ Արձակած Է

Հիւսիսային Քորէա Ճափոնական Ծովու Ուղղութեամբ Երկու Հրթիռ Արձակած Է

Հիւսիսային Քորէան փոքր հասողութեամբ երկու հրթիռ արձակած է Վոնսանի նաւահանգիստի շրջանէն. թռիչքին հեռաւորութիւնը կազմած է մօտաւորապէս 240 քիլոմեթր, բարձրութիւնը` շուրջ 35 քիլոմեթր: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է «Ռիոնհափ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Հարաւային Քորէայի սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբին: «2 մարտի ցերեկը` ժամը 12:37-ին, Վոնսանէն ոչ հեռու շրջանէն Հիւսիսային Քորէան փոքր հասողութեամբ երկու հրթիռ արձակած է Ճափոնական ծովուն...

Փուշքով. «Կարեւոր Չէ, Թէ Էրտողան Ինչ Ըսած Է,  Այլ` Ի՛նչ Պատասխանած Է Փութինը»

Փուշքով. «Կարեւոր Չէ, Թէ Էրտողան Ինչ Ըսած Է, Այլ` Ի՛նչ Պատասխանած Է Փութինը»

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի անդամ Ալեքսէյ Փուշքով անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ներկայացուցած առաջարկին` թրքական զօրքերու ու Սուրիոյ բանակի դիմակայութեան չմիջամտելու եւ Թուրքիան Դամասկոսի հետ «դէմ առ դէմ» ձգելու: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: «Պոլիսի մէջ արտասանած խօսքին ընթացքին Էրտողան յայտարարած է, թէ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ինչ առաջարկած է Վլատիմիր Փութինին: Սակայն Թուրքիոյ...

Սուրիոյ Բանակը Ազատագրեց Իտլիպի 50 Առ Հարիւրը .  Թուրքիա Երկու Սուրիական Օդանաւեր  Վար Առաւ Եւ «Սփութնիք»-ի  Խմբագրապետը Ձերբակալեց

Սուրիոյ Բանակը Ազատագրեց Իտլիպի 50 Առ Հարիւրը . Թուրքիա Երկու Սուրիական Օդանաւեր Վար Առաւ Եւ «Սփութնիք»-ի Խմբագրապետը Ձերբակալեց

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը օդային յարձակումներով ճնշում կը բանեցնէ զինեալ խմբաւորումներուն վրայ վերատիրանալու համար Սարաղեպ քաղաքին` նշելով, որ զինուորական գործողութեան ընթացքին իր հակակշիռին տակ առած է Իտլիպի տարածքին 50 առ հարիւրը եւ կը շարունակէ աշխուժացնել իր գործողութիւնները Սարաղեպ ու Ժապալ Զաուիա ճակատներուն վրայ: «Մայատին» կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ բանակին համար այժմ առաջնահերթութիւնը Սարաղեպի վերատիրանալն է` ապահովելու համար միջազգային...

Տողատակի Սպառնալով Թուրքիոյ.  Սուրիոյ Մէջ Իրանեան Խորհրդատուական Կեդրոն.  «Թրքական Ուժերուն Ձեռք Չտալու Որոշումը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Տողատակի Սպառնալով Թուրքիոյ. Սուրիոյ Մէջ Իրանեան Խորհրդատուական Կեդրոն. «Թրքական Ուժերուն Ձեռք Չտալու Որոշումը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Սուրիոյ մէջ իրանեան խորհրդատուական կեդրոնը մեկնաբանեց օրերէ ի վեր թրքական եւ սուրիական բանակներուն միջեւ ընթացող բախումները: Կեդրոնը` հաղորդակցութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց, որ «Էմ5» ճամբան ազատագրած ուժը Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդին ու Հըզպալլայի ղեկավարութեամբ, եւ դիմադրութեան խմբաւորումներու մասնակցութեամբ էր` աւելցնելով, որ ազատագրուած գիւղերու բնակիչներուն օժանդակութիւն տրամադրուած է: Կեդրոնը նշեց, որ զինեալներ թրքական բանակին աջակցութեամբ յարձակում գործած են Սուրիոյ բանակի դիրքերուն վրայ, «ուստի...

Թալեպան-Միացեալ Նահանգներ  Խաղաղութեան Համաձայնութիւն

Թալեպան-Միացեալ Նահանգներ Խաղաղութեան Համաձայնութիւն

Միացեալ Նահանգներ եւ աֆղանական Թալեպան շարժումը շաբաթ օրը Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ստորագրեցին «Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութիւն» համաձայնագիրը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Տոհայի մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը մօտէն պիտի հետեւի Թալեպան շարժումին կողմէ ստորագրուած համաձայնութեան յանձնառութեան: Ըստ ստորագրուած համաձայնութեան, երկու կողմերը աֆղանական բանակցութիւններէն առաջ պիտի փոխանակեն հազարաւոր գերիներ, իսկ միջաֆղանական խաղաղութեան բանակցութիւնները պիտի սկսին 10 մարտին: Ազատ...

Յունաստան Կ՛ամրապնդէ Թուրքիոյ Հետ  Իր Սահմանին Վրայ Զինուորական Ուժերը  Եւ Անգարան Կ՛ամբաստանէ Գաղթականները  Դէպի Իր Հողեր Մղելու Մէջ

Յունաստան Կ՛ամրապնդէ Թուրքիոյ Հետ Իր Սահմանին Վրայ Զինուորական Ուժերը Եւ Անգարան Կ՛ամբաստանէ Գաղթականները Դէպի Իր Հողեր Մղելու Մէջ

Յունական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ արձակեց հեռացնելու համար հարիւրաւոր սուրիացի գաղթականներ, որոնք հաւաքուած էին Յունաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանը անցնելու համար: Յունական կառավարութեան բանբեր Սթելիոս Փիսթաս յայտնեց, որ Յունաստան դիմակայած է իր սահմանը ոտնահարելու կազմակերպուած, հաւաքական ու ապօրինի փորձ մը: Յունական բանակը յաւելեալ ուժեր տեղակայեց Թուրքիոյ հետ երկրի սահմանին վրայ: Յունաստան ու Պուլկարիա յայտարարեցին, որ խիստ քայլեր կ՛որդեգրեն փակելու համար ապօրինի գաղթականներուն...

Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ  Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ`  Ապահովելու Իտլիպի Մէջ Զինադադարը

Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ` Ապահովելու Իտլիպի Մէջ Զինադադարը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահը իր հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին Մոսկուային ու Անգարային կոչ ուղղած է` ապահովելու Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ զինադադարը: «Ֆրանսայի նախագահը կարեւոր նկատեց մօտիկ ապագային զինուորական գործողութիւններու դադրեցման ապահովումը: Ան Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած է`...

Յունաստան Վեթոյի Ենթարկած Է ՕԹԱՆ-ի`  Թուրքիոյ Զօրակցող Յայտարարութիւնը

Յունաստան Վեթոյի Ենթարկած Է ՕԹԱՆ-ի` Թուրքիոյ Զօրակցող Յայտարարութիւնը

ՕԹԱՆ-ի մէջ Յունաստանի մնայուն ներկայացուցիչը վեթօ կիրարկած է Իտլիպի մէջ բախումներուն սկսելէն ետք դաշինքի` Անգարայի աջակցող յայտարարութեան դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզօպզըրվաթըրի» կայքը: «Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տանտիաս ՕԹԱՆ-ի մէջ Յունաստանի մնայուն ներկայացուցիչին համապատասխան հրահանգ տուած է, երբ մնայուն ներկայացուցիչներու տեղակալներու մակարդակով նիստին համաձայնութիւն գոյացած է միացեալ յայտարարութեան շուրջ, ուր տեղ չէ գտած յունական կողմի` Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ...

Թուրքիան Պիտի Չարգիլէ Դէպի  Եւրոպա Ուղղուող Սուրիացի Գաղթականները

Թուրքիան Պիտի Չարգիլէ Դէպի Եւրոպա Ուղղուող Սուրիացի Գաղթականները

Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են արգելք չհանդիսանալ սուրիացի այն գաղթականները, որոնք կը փորձեն ծովու կամ ցամաքի ճամբով տեղափոխուիլ Եւրոպա: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս Եւրոպական Միութեան սպառնացած է դռները բանալ Եւրոպա ուղղուող գաղթականներուն առջեւ: Իսկապէս ալ «Հապեր թիւրք» երէկ հաղորդեց, որ հազարաւոր գաղթականներ սկսած են Թուրքիայէն դէպի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու սահման ուղղուիլ: Երէկ հաղորդուեցաւ, որ թրքական կողմի որոշումին լոյսին...

«Իտլիպի Մէջ Սպաննուած Թուրք Զինուորները  Ահաբեկչական Զինեալներու  Շարքերուն Մաս Կը Կազմեն»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարութիւնը

«Իտլիպի Մէջ Սպաննուած Թուրք Զինուորները Ահաբեկչական Զինեալներու Շարքերուն Մաս Կը Կազմեն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ գտնուող ահաբեկիչները 27 փետրուարին փորձած են յարձակում գործել Սուրիոյ բանակի դիրքերուն դէմ` աւելցնելով. «Թուրքիան ռուսական բանակը տեղեակ չպահեց Իտլիպի մէջ թուրք զինուորներու ներկայութենէն»: «Շրջանին մէջ, ըստ Թուրքիոյ մեզի ներկայացուցած տեղեկութիւններուն, թուրք զինուորներ պէտք չէր ըլլային», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ռուսիան թուրք զինուորներու սպանութենէն տեղեակ ըլլալէ ետք ամէն ինչ ըրաւ սուրիական բանակին...

«Քորոնա» Ժահրը Արդէն Տարածուած Է  Աւելի Քան 50 Երկիրներու Մէջ

«Քորոնա» Ժահրը Արդէն Տարածուած Է Աւելի Քան 50 Երկիրներու Մէջ

«Քորոնա» ժահրը կը շարունակէ տարածուիլ աշխարհի տարածքին: Ան արդէն ներթափանցած է աւելի քան 50 երկիրներ: Երէկ հաղորդուեցաւ Ազրպէյճանի, Պիելոռուսիոյ, Լիթուանիոյ, Նիկերիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ վարակման առաջին դէպքերու մասին: Վրաստանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 2-ի: Առողջապահութեան միջազգային գործակալութիւնը յայտարարեց, որ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 83 հազարի, իսկ զոհերունը` 2858-ի: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կոչ ուղղեց` «շտապ միջոցներու...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Չեն Պատրաստուիր Հրթիռային  Հարուած Հասցնելու Սուրիոյ»

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ Թուրք-Սուրիական Սահման Պիտի Չվերադառնան»

Ամերիկացի զինուորները մտադիր չեն վերադառնալ Թուրքիա-Սուրիա սահման: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր: «Ներկայ պահուս ես չեմ տեսներ սահման վերադարձի որեւէ հնարաւորութիւն», ըստ «Մոնիթըր» կայքին Ներկայացուցիչներու տան մէջ յայտարարած է Էսփըր: Անոր համաձայն, Փենթակոն, ինչպէս նախապէս, այժմ եւս կեդրոնացած է Սուրիոյ արեւելքը ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման վերացման վրայ: Էսփըր իբրեւ Սուրիոյ ամէնէն խնդրայարոյց շրջան նշած է Իտլիպը,...

Հոնկ Քոնկի Մէջ Կը Քննեն «Քորոնա»-Ով Ընտանի  Կենդանիի Հնարաւոր Վարակման Առաջին Դէպքը

Հոնկ Քոնկի Մէջ Կը Քննեն «Քորոնա»-Ով Ընտանի Կենդանիի Հնարաւոր Վարակման Առաջին Դէպքը

Հոնկ քոնկցի փորձագէտները կը քննեն նոր «Քորոնա» ժահրով` մարդէն ընտանի կենդանիի հաւանական փոխանցման առաջին դէպքը: Նախնական քննութիւնները վարակի գոյութեան նշաններ յայտնաբերած են շան մօտ. անիկա կը պատկանի «Քորոնա» ժահրով վարակուած տղամարդու մը: Այս մասին երէկ յայտնեց Հոնկ Քոնկի կառավարութեան գիւղատնտեսութեան, ձկնորսութեան եւ բնութեան պահպանութեան բաժանմունքը: Տիրոջ հիւանդանոց տեղափոխելէ ետք, շունը տեղաւորած են կենդանիներու համար յատուկ քարանթինային կեդրոնի մէջ: Քննութիւնները ցոյց...

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պայմանաւորուած Են Աշխուժացնել Հայաստանին  Վաճառուող Կազի Գինի Շուրջ Բանակցութիւնները»

«Փութին Հանդիպում Չի Նախատեսեր Էրտողանի Հետ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հերքած է այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 5 մարտին Պոլսոյ մէջ պիտի հանդիպին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Նախագահ Փութինի ծրագիրներուն մէջ 5 մարտին այդպիսի հանդիպում չկայ», լրագրողներուն յայտնած է Փեսքով` նշելով, թէ նոյն թուականին  աշխատանքային այլ ծրագիրներ կան: Ռուսիոյ նախագահի բանբերը նաեւ ընդգծած է,...

«Քորոնա»-ն Կը Շարունակէ Տարածուիլ.  Զոհերու Եւ Վարակուածներու  Թիւերը Կը Շարունակեն Բարձրանալ

«Քորոնա»-ն Կը Շարունակէ Տարածուիլ. Զոհերու Եւ Վարակուածներու Թիւերը Կը Շարունակեն Բարձրանալ

«Քորոնա» ժահրն ու անոր սպառնալիքը կը շարունակեն իրենց վրայ հրաւիրել ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը, մանաւանդ որ անոր տարածումը օրէ օր կ՛ընդարձակուի: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 15 պարագաներ, որոնցմէ մէկը «բաւականաչափ հիւանդ է»: Թրամփի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ընդլայնելու ժահրի դէմ պայքարի տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան պատուաստանիւթ կը մշակեն: Ան...

Սուրիոյ Բանակը Շէյր Մաղարի Մէջ Թրքական  Հսկողութեան Կէտի Պաշարելու Մօտ Է

Սուրիոյ Բանակը Շէյր Մաղարի Մէջ Թրքական Հսկողութեան Կէտի Պաշարելու Մօտ Է

Սուրիոյ բանակը Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի եւ անոր առնչակից զինեալ խմբաւորումներուն հետ բախումներէ ետք, իր վերահսկողութեան տակ առաւ Ըմ Նիր գիւղը, Ըմ Նիրի լեռները, Նապի Թահեր, Պարաղիթի, Քաֆարնաժուր գիւղերը, Ռաշայի երեք լեռներն ու Մըշրաքայի բլուրը: Սուրիոյ բանակը նաեւ յառաջխաղացք արձանագրեց Համայի հիւսիս արեւմտեան գիւղական շրջանին ծայրագոյն մասին մէջ եւ ազատագրեց Անքաուի եւ Ամքիա գիւղերը, Ամքիայի բլուրը, Հուէյժա,...

Պոկտանով Ընդունեց Թոնի Ֆրենժիէն

Մոսկուա Կը Հաստատէ Թուրքիոյ Օժանդակութեամբ Օտար Զինեալներու Լիպիա Փոխադրութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Ռուսիա կը հաստատէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի փորձագէտներուն զեկուցումները, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ օժանդակութեամբ Լիպիա զինեալներու փոխադրման: «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի փորձագէտներու խումբը կանոնաւոր կերպով կը տեղեկացնեն զինեալներու Լիպիա փոխադրելու մասին: Մենք ալ կը հաստատենք այդ մէկը, որ կը կատարուի, անշուշտ, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ»:

Սպառնական Խօսքերը Կրկնելովշ  Էրտողան Կը Մերժէ Ասատի Հետ Բանակցութիւններու  Սկսելու Քըլըճտարօղլուի Կոչը

Սպառնական Խօսքերը Կրկնելովշ Էրտողան Կը Մերժէ Ասատի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու Քըլըճտարօղլուի Կոչը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մերժեց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի կոչը` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ բանակցութիւններու սկսելու: «Մեր ընդդիմութեան ղեկավարը առաջարկեց, որ հանդիպում ունենամ Ասատի հետ: Նախապէս խօսած եմ Ասատի հետ, սակայն նկատեցի որ խիղճ չունի: Անոր հարցուցի, թէ ինչո՞ւ քիւրտերուն անցագիրներ չէ տուած, եւ հիմա յարձակում կը գործէ մեր զինուորներուն վրայ», ըսաւ Էրտողան: «Կը ծրագրենք...

«Քորոնա» Ժահրի Ոչ Առողջապահական  Հետեւանքներ

«Քորոնա» Ժահրի Ոչ Առողջապահական Հետեւանքներ

Հարաւային Քորէայի մէջ 400 հազարէ աւելի քաղաքացիներ ստորագրած են երկիրի նախագահ Մուն Չժի Ինի պաշտօնազրկման պահանջագիր մը` «Քորոնա» նոր տիպի ժահրի տարածման վերջ տալու անոր անկարողութեան պատճառով: Քորէական «Քէյ.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ եթէ երկիրի ղեկավարի վարչակազմի կայքին վրայ զետեղուած հանրագիրը աւելի քան 200 հազար ստորագրութիւն ապահովէ, իշխանութիւնները պարտաւոր են ատոր արձագանգել: Տուեալ պարագային ատիկա պէտք է տեղի ունենայ...

Page 478 of 884 1 … 477 478 479 … 884

Արխիւներ