«Քորոնա» ժահրը կը շարունակէ տարածուիլ աշխարհի տարածքին: Ան արդէն ներթափանցած է աւելի քան 50 երկիրներ: Երէկ հաղորդուեցաւ Ազրպէյճանի, Պիելոռուսիոյ, Լիթուանիոյ, Նիկերիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ վարակման առաջին դէպքերու մասին:
Վրաստանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 2-ի:
Առողջապահութեան միջազգային գործակալութիւնը յայտարարեց, որ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 83 հազարի, իսկ զոհերունը` 2858-ի:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ կոչ ուղղեց` «շտապ միջոցներու ձեռնարկելու»: Անոր խօսքով` կացութիւնը կը մօտենայ համաճարակի եւ կը շարունակէ բացասական ազդեցութիւն ունենալ տնտեսութեան վրայ: Ասիական սակարանները անկում կրած են, ամերիկեան սակարանը եւս` 4,5 առ հարիւրով: «Պրենթ» քարիւղի համաշխարհային գինը նուազած է շուրջ 3 առ հարիւրով` մօտենալով տակառի դիմած 50 տոլարի նշագիծին: Վերջին անգամ այդ մակարդակէն ցած եղած էր 2017-ի ամրան:
Ճափոնի սակարանային գլխաւոր ցուցանիշը` «Նիքէյ»-ի արժէքը նուազած է 3,67 առ հարիւրով:
Միացեալ Նահանգներու մէջ կրկնակի աճած են վարակուածներու թիւը: Քալիֆորնիոյ մէջ յայտնաբերուած են առնուազն 33 նոր դէպք: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայքըլ Փենս, որուն յանձնարարուած է համակարգել «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարը, հաւաստած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ համաճարակի սպառնալիքը քիչ հաւանական է: