Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրի Ոչ Առողջապահական Հետեւանքներ

Փետրուար 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Քորէայի մէջ 400 հազարէ աւելի քաղաքացիներ ստորագրած են երկիրի նախագահ Մուն Չժի Ինի պաշտօնազրկման պահանջագիր մը` «Քորոնա» նոր տիպի ժահրի տարածման վերջ տալու անոր անկարողութեան պատճառով:

Քորէական «Քէյ.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ եթէ երկիրի ղեկավարի վարչակազմի կայքին վրայ զետեղուած հանրագիրը աւելի քան 200 հազար ստորագրութիւն ապահովէ, իշխանութիւնները պարտաւոր են ատոր արձագանգել: Տուեալ պարագային ատիկա պէտք է տեղի ունենայ 4 մարտէն ոչ ուշ:

Փաստաթուղթը կազմողները կը քննադատեն կառավարութիւնը, որովհետեւ չէ փակած Չինաստանի հետ սահմանը, երբ հիւանդութեան բռնկումը դրացի երկիրին մէջ հասած էր վտանգաւոր աստիճանի:

Հանրագիրի հեղինակները Մուն Չժէ Ինը մեղադրած են, որ ոչ թէ սեփական երկիրի շահերը պաշտպանած է, այլ` Չինաստանինը: «Մուն Չժէ Ինը այնպէս կը վարուի, կարծես ան ոչ թէ Հարաւային Քորէայի, այլ Չինաստանի նախագահն է», կը նշուի թեքսթին մէջ:

«Հակառակ Քորէայի մէջ բժշկական դիմակներու սակաւութեան, Մուն Չժէ Ինը 3 միլիոն դիմակ ուղարկած է Չինաստան եւ ոչ մէկ միջոցի ձեռնարկած է ատոր գիներուն աճը կասեցնելու», կը նշեն փաստաթուղթի հեղինակները:

– Հոնկ Քոնկի իշխանութիւնները Չինաստանի այս յատուկ վարչական շրջանի բոլոր չափահաս բնակիչներուն պիտի վճարեն 10 հազարական հոնկքոնկեան տոլար (շուրջ 1,3 հազարական տոլար)` որպէս ընկերային աջակցութեան միջոց «Քորոնա» ժահրի պատճառած հիւանդութեան պայմաններուն մէջ:

Հոնկ Քոնկի վարչակազմի ելեւմտութեան նախարար Փոլ Չան Օրէնսդիր խորհուրդին ներկայացուցած պիւտճէական ուղերձին մէջ յայտնած է. «Վերջին ամիսներուն ընկերային ցնցումները (2019 թուականի ամրան բռնկած հակակառավարական բողոքները) եւ «Քորոնա» ժահրի վարակի նոր համաճարակը ծանր հարուած հասցուցին Հոնկ Քոնկի տնտեսութեան: Հանգամանալի քննարկումէ ետք, որոշեցի 10 հազարական հոնկքոնկեան տոլար յատկացնել Հոնկ Քոնկին` 18-էն բարձր տարիքի մնայուն բնակիչներուն` սպառման խթանման եւ բնակչութեան ելեւմտական բեռի թեթեւացման նպատակով»:

– Չինաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Չինաստանի իշխանութիւնները արդէն 100,87 միլիառ եուան (աւելի քան 14,36 միլիառ տոլար) ծախսած են «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարին մէջ օգտագործուող միջոցառումներուն վրայ:

Պատկերասփիւռի կայանի տուեալներով` կառավարութիւնը կը շարունակէ աշխուժօրէն ֆինանսաւորել վարակուածներու բուժման, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու վարակազերծման, բնակչութեան պաշտպանութեան ապահովման անհրաժեշտութեան առնչուած այլ գործունէութեան ծախսերը:

– Բրիտանական ընկերութիւններուն, որոնց բաժնետոմսերը կը վաճառուին Լոնտոնի սակարանին մէջ, բաժնետոմսերուն արժէքը «Քորոնա» ժահրի տարածման եւ համաշխարհային տնտեսութեան համար անոր ներկայացուցած սպառնալիքին պատճառով վերջին երկու օրերուն նուազած է շուրջ 100 միլիառ սթերլինկով (աւելի քան 126 միլիառ տոլարով):

– Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Լանտըն Պրիտ քաղաքին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է «Քորոնա» ժահրի միջազգային բռնկման վերաբերեալ մտահոգութեան լոյսին տակ:

Անոր համաձայն, թէեւ քաղաքին մէջ «Քորոնա»-ով վարակման ոչ մէկ դէպք հաստատուած է, բայց «համաշխարհային պատկերը արագօրէն կը փոխուի», եւ անհրաժեշտ է «ուժեղացնել պատրաստուածութիւնը»:

«Մենք կը տեսնենք, որ ժահրը ամէն օր կը տարածուի աշխարհի տարբեր մասերու մէջ, եւ մենք կը ձեռնարկենք անհրաժեշտ քայլերու` Սան Ֆրանսիսքոյի բնակիչները վնասէն պաշտպանելու համար»:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Զգուշացումներ` «Քորոնա»-ին «Համաշխարհային Համաճարակի» Վերածուելէ

Յաջորդը

Սպառնական Խօսքերը Կրկնելովշ Էրտողան Կը Մերժէ Ասատի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու Քըլըճտարօղլուի Կոչը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?