Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Բանակը Շէյր Մաղարի Մէջ Թրքական Հսկողութեան Կէտի Պաշարելու Մօտ Է

February 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ բանակը Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի եւ անոր առնչակից զինեալ խմբաւորումներուն հետ բախումներէ ետք, իր վերահսկողութեան տակ առաւ Ըմ Նիր գիւղը, Ըմ Նիրի լեռները, Նապի Թահեր, Պարաղիթի, Քաֆարնաժուր գիւղերը, Ռաշայի երեք լեռներն ու Մըշրաքայի բլուրը:

Սուրիոյ բանակը նաեւ յառաջխաղացք արձանագրեց Համայի հիւսիս արեւմտեան գիւղական շրջանին ծայրագոյն մասին մէջ եւ ազատագրեց Անքաուի եւ Ամքիա գիւղերը, Ամքիայի բլուրը, Հուէյժա, Հաուաշ, Ժըսր Պէյթ Ռաս ու Թանժարա գիւղերը:

Այս ճակատին վրայ յառաջացող սուրիական ուժերը բաւական մօտ են Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ յառաջացող սուրիական ուժերուն միանալու եւ Շէյր Մաարի մէջ թրքական հսկողութեան կէտն ու անոր շուրջի շարք մը գիւղերը պաշարելու:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը, նոր յառաջխաղացք արձանագրելով, իր վերահսկողութեան տակ առած է Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանը:

«Ռոյթըրզ» երէկ հաղորդեց, որ թրքամէտ սուրիական զինեալ խմբաւորումներէ պատասխանատուներ յայտարարած են, թէ վերագրաւած են Իտլիպի գիւղական շրջանին մէջ Սարաքեպ քաղաքը: Ռուսական լրատուամիջոցներ աւելի ուշ հաղորդեցին, որ ռուսական զինուորական աղբիւր մը հերքած է, թրքամէտ զինեալներուն ռազմավարական այդ քաղաքի վերագրաւման լուրը: ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սարաքեպի ճակատին վրայ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան:

Մինչ այդ` Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իտլիպի մէջ 2 թուրք զինուորներ սպաննուած են: Աւելի ուշ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ 3 թուրք զինուորներ սպաննուած են:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Իտլիպի գիւղական

շրջանին մէջ Պարա եւ Պալիուն գիւղերուն միջեւ տեղի ունեցած ռուսական օդային հարուածի մը պատճառով առնուազն 34 թուրք զինուորներ սպաննուած են:

Թրքական ապահովական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ Էրտողան ապահովական արտակարգ ժողով մը գլխաւորած է:

«Ռոյթըրզ»` յղում կատարելով Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին, հաղորդեց. «Թուրք զինուորներ Իտլիպի մէջ ռուսական օդանաւերուն դէմ ուսի վրայէ արձակուող

հակաօդային հրթիռներ կ՛արձակեն»: Կայանը նաեւ նշեց. «Թրքական բանակը Իտլիպի մէջ

զինեալ խմբաւորումներուն հրետանային աջակցութիւն կը տրամադրէ»:

Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց. «Ահաբեկիչները ամերիկեան արտադրութեամբ ուսի վրայէ արձակուող հակաօդային հրթիռներ կ՛օգտագործեն թրքական աջակցութեամբ` թիրախ դարձնելու համար սուրիական ու ռուսական պատերազմական օդանաւերը: Աղբիւրը նաեւ նշեց. «Թրքական վարչակարգը Սարաքեպի ճակատին վրայ ընթացող ճակատամարտներուն հրետանիով եւ ուսի վրայէ արձակուող հակաօդային պաշտպանութեան համակարգով աջակցութիւն կը տրամադրէ ահաբեկիչներուն»:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Քաղաքական «Քորոնա»

Յաջորդը

«Քորոնա»-ն Կը Շարունակէ Տարածուիլ. Զոհերու Եւ Վարակուածներու Թիւերը Կը Շարունակեն Բարձրանալ

RelatedPosts

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Ամբողջութեամբ Վերահսկել  Հորմուզի Նեղուցին»
Գլխաւոր լուրեր

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

September 25, 2026
Փեսքով. «Թրամփի Ռուսիա Այցելելու  Փութինի Հրաւէրը Ուժի Մէջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին Տակաւին Կանուխ Կը Նկատէ «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպման Մասին Խօսիլը

September 25, 2026
Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ  Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով
Միջազգային

Չինաստան Եւ Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Գործեն Հակամարտութիւնները Բացառելով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.