Եւրոպական Միութիւնը Բուռն Կերպով Կը Մերժէ Թրքական Շանթաժը
Փարիզ. «Եւրոպան Թրքական Շանթաժին Առջեւ Պիտի Չընկրկի: Շենկենի Շրջանը Փակ Պիտի Մնայ Թուրքիոյ Ուղարկած Գաղթականներուն Դիմաց» Եւրոպական Միութիւնը բուռն կերպով մերժեց Թուրքիոյ կողմէ գաղթականները քաղաքական նպատակներու համար իբրեւ ճնշումի միջոց օգտագործելը: Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ արտակարգ ժողով մը գումարելէ ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Թուրքիոյ կոչ ուղղեցին` ամբողջութեամբ գործադրելու 2016 թուականին գոյացած համաձայնութեան բոլոր կէտերը: Եւրոպական...




















