Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հերքած է այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 5 մարտին Պոլսոյ մէջ պիտի հանդիպին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Նախագահ Փութինի ծրագիրներուն մէջ 5 մարտին այդպիսի հանդիպում չկայ», լրագրողներուն յայտնած է Փեսքով` նշելով, թէ նոյն թուականին աշխատանքային այլ ծրագիրներ կան:
Ռուսիոյ նախագահի բանբերը նաեւ ընդգծած է, թէ Իտլիպի վերաբերեալ աշխատանքային հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ մասնագէտներուն միջեւ:
Էրտողան օր մը առաջ յայտարարած էր, թէ Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպումը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ 5 մարտին: