Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա»-ն Կը Շարունակէ Տարածուիլ. Զոհերու Եւ Վարակուածներու Թիւերը Կը Շարունակեն Բարձրանալ

February 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա» ժահրն ու անոր սպառնալիքը կը շարունակեն իրենց վրայ հրաւիրել ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը, մանաւանդ որ անոր տարածումը օրէ օր կ՛ընդարձակուի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակման 15 պարագաներ, որոնցմէ մէկը «բաւականաչափ հիւանդ է»: Թրամփի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ընդլայնելու ժահրի դէմ պայքարի տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան պատուաստանիւթ կը մշակեն:

Ան նաեւ անդրադարձած է «Քորոնա» ժահրէն խուսափելու միջոցներուն` խորհուրդ տալով յաճախ ձեռքերը լուալ եւ կարելի եղածին չափ քիչ դպնալ բազրիքներուն:

Յիշեցնենք, որ ամերիկեան վարչակազմը Քոնկրեսէն 2,5 միլիառ տոլար պահանջած էր «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու եւ պատուաստանիւթի մշակման համար: Դեմոկրատական ծերակուտականները քննադատած են Թրամփը` ոչ բաւարար դիմումներու համար եւ իրենց կարգին առաջարկած են 8,5 միլիառ տոլար ծախսել այդ նպատակով: Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Քոնկրեսին` այդ կարիքներու համար աւելի մեծ միջոցներ յատկացնելու պատրաստակամութեան համար:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Քալիֆորնիոյ մէջ արձանագրուած է «Քորոնա»-ի համաճարակ դիմագրաւող որեւէ երկիր չճամբորդած եւ այդ ժահրով վարակուած ոեւէ անձի հետ հաղորդակցութեան մէջ չմտած անձի մը վարակման իր տեսակին մէջ առաջինը եղող պարագան:

Երէկ վարակման առաջին պարագաներ արձանագրուեցան Ժընեւի, Դանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Էսթոնիոյ մէջ:

Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով զոհերուն թիւը բարձրացաւ 26-ի, որոնց շարքին է Վատիկանի մէջ Իրանի նախկին դեսպան Հատի Խասրոշահին, իսկ վարակուածներունը` 245-ի, որոնց շարքին է Իրանի փոխնախագահ Մաասումա Իպթիքարը եւ խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահը:

Չինաստանի մէջ զոհերուն թիւը 2744 է, իսկ վարակուածներունը` 78.497: Իտալիոյ մէջ զոհերուն թիւը 14 է, իսկ վարակուածներունը` 528: Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 44-ի, Ֆրանսայի մէջ` 38-ի, Բրիտանիոյ մէջ` 15-ի, Ֆինլանտայի մէջ` 2-ի, Քուէյթի մէջ` 43-ի, Իրաքի մէջ` 6-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ` 1500-ի:

«Քորոնա»-ի պատճառով իրանեան 23 քաղաքներու մէջ ուրբաթօրեայ նամազը ջնջուեցաւ: Սէուտական Արաբիան իր կարգին որոշեց դադրեցնել ումրայի` որեւէ ժամանակ տեղի ունեցող փոքր ուխտագնացութեան նպատակով անձերու, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներու երկիր մուտքը:

Միւս կողմէ` Զբօսաշրջութեան եւ ճամբորդութիւններու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Կլորիա Կեւարա «Էլ Մունտօ» թերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամը կրնայ 22 միլիառ տոլարի վնաս պատճառել համաշխարհային զբօսաշրջութեան:

«Տակաւին կանուխ է այդ մէկը գիտնալու, սակայն մենք «Օքսֆորտ Էքոնոմիքս»-էն մասնագէտներու հետ համագործակցութեամբ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ կատարած ենք նախնական հաշուարկներ, որոնց համաձայն, այս ճգնաժամը մարզի առնուազն 22 միլիառ տոլարի վնաս պիտի պատճառէ», նշած է Կեւարա` աւելցնելով. «Չինաստանի քաղաքացիներն են այն ճամբորդները, որոնք ամէնէն աւելի կը ծախսեն, երբ որեւէ տեղ կը մեկնին»:

Նախորդը

Սուրիոյ Բանակը Շէյր Մաղարի Մէջ Թրքական Հսկողութեան Կէտի Պաշարելու Մօտ Է

Յաջորդը

«Փութին Հանդիպում Չի Նախատեսեր Էրտողանի Հետ» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.