Միջազգային

Հիւսիսային Քորէան Երկու Թեւաւոր Հրթիռ Արձակած Է Ճափոնական Ծովուն Ուղղութեամբ

Հիւսիսային Քորէան Երկու Թեւաւոր Հրթիռ Արձակած Է Ճափոնական Ծովուն Ուղղութեամբ

Հիւսիսային Քորէան փոքր հասողութեամբ երկու թեւաւոր հրթիռ արձակած է Ճափոնական ծովուն ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Հարաւային Քորէայի սպայակոյտի պետերու միացեալ կոմիտէի յայտարարութիւնը: «Հիւսիսային Քորէայի արձակած հրթիռները անցած են 230 քիլոմեթր` 30 քիլոմեթր առաւելագոյն բարձրութեան վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Կը նշուի, որ ասիկա ամսուան սկիզբէն ի վեր արդէն չորրորդ փորձարկումն է: Մինչ այդ, Հիւսիսային...

Մաքրոն.«Շենկենի Գօտին Ջնջուելու Վտանգի Տակ Է»

Մաքրոն.«Շենկենի Գօտին Ջնջուելու Վտանգի Տակ Է»

Լաւատեղեակ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ի յայտնած է, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Եւրոպական Միութեան անդամ 26 պետութիւններու ղեկավարներու հետ տեսաժողովի ընթացքին զգուշացուցած է, թէ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին մէջ համերաշխութիւն չդրսեւորելու պարագային, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը կրնայ խարխլել Միութեան հիմնական սիւները, որոնցմէ է օրինակ Շենկենկը` ոչ սահմանային գօտին: «Եւրոպական ծրագիրը վտանգի տակ է: Այժմ առերեսուած ենք Շենկենի ջնջման սպառնալիքին», նշած է Մաքրոն:...

Միացեալ Նահագներ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւով Գերազանցեց Չինաստանը

Միացեալ Նահագներ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւով Գերազանցեց Չինաստանը

Միացեալ Նահանգներ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւով գերազանցեց Չինաստանը: Ըստ իրական ժամանակի մէջ թարմացուող վիճակագրական տուեաներ ներկայացնող «Ուըրլտմիթըրզ» կայքին, Միացեալ Նահանգներու մէջ այս պահուան դրութեամբ կայ 81,943 վարակուած, իսկ զոհերուն թիւը 1177 է: Միայն մէջ օրուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած են վարակման 13,732 պարագաներ: Չինաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը կը հասնի 81,285-ի, սակայն համաճարակը նահանջի մէջ է: Արտասահմանէն եկած 55 չիներու...

Ֆրանչիսկոս Պապը «Քորոնա» Ժահրէն Աշխարհի Փրկութեան Աղօթք Մատուցեց

Ֆրանչիսկոս պապը երէկ «Քորոնա» ժահրէն աշխարհի փրկութեան համար իր կատարած աղօթքի ընթացքին յայտնեց. «Բժիշկները, հիւանդները, հիւանդապահուհիները, քահանաներն ու վարդապետները, որոնք հիւանդներու կողքին կը կանգնին, մարդկութիւնը ցաւերէն փրկելու համար կ՛աշխատին»: Պապը յոյս յայտնեց, որ «աշխարհը հարուածող այս փոթորիկին մէջ Տիրոջ օրհնութիւնը իջնէ մեր վրայ»: «Այս աշխարհի վրայ մենք մեզ ուժեղ կը կարծենք, եւ կարծեցինք, թէ հիւանդ աշխարհի մը մէջ առողջ պիտի...

«Շատ Լաւ Բանակցութիւններ»-է Ետք. Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահները Համաձայնեցան Դէմ Դնելու «Քորոնա» Ժահրին

«Շատ Լաւ Բանակցութիւններ»-է Ետք. Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահները Համաձայնեցան Դէմ Դնելու «Քորոնա» Ժահրին

  Չինաստանի նախագահ Չի Ճինկ Փինկ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետ թափանցիկ եւ յստակ կերպով վարուած է: Ան ընդգծեց, որ Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները պէտք է միասնաբար աշխատին «Քորոնա» ժահրին դէմ դնելու համար: Թրամփ` իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով, յայտնեց. «Տակաւին նոր աւարտեցի Չինաստանի նախագահին...

Քսաններու Խմբակը Տեսաժողովի Մը Ընթացքին Որոշեց Ելեւմտական «Մեծ» Օժանդակութիւն Տրամադրել Զարգացող Երկիրներուն

Քսաններու Խմբակը Տեսաժողովի Մը Ընթացքին Որոշեց Ելեւմտական «Մեծ» Օժանդակութիւն Տրամադրել Զարգացող Երկիրներուն

  Քսաններու խմբակը երէկ 90 վայրկեան տեւած տեսաժողովի մը ընթացքին որոշեցին արագօրէն աշխատիլ Միջազգային դրամական ֆոնտի, Միջազգային դրամատան, շրջանային դրամատուներու եւ այլ բազմակողմանի մարմիններու հետ` զարգացող երկիրներուն աջակցելու համար ելեւմտական «մեծ» թղթածրար մը ներկայացնելու: Անոնք յայտնեցին, որ յանձնառու են միացեալ ճակատով ներկայանալու «Քորոնա» ժահրին համաճարակին դէմ եւ իրենց «բացարձակ առաջնահերթութիւն»-ը նկատեցին անոր առողջապահական, ընկերային ու տնտեսական հետեւանքներուն դէմ դարմանումը:

Քոսովոյի Խորհրդարանը Պաշտօնազրկեց Կառավարութիւնը` «Քորոնա» Ժահրի Տագնապի Վատ Կառավարման Պատճառով

Քոսովոյի Խորհրդարանը Պաշտօնազրկեց Կառավարութիւնը` «Քորոնա» Ժահրի Տագնապի Վատ Կառավարման Պատճառով

Քոսովոյի մէջ երեսփոխանները քուէարկեցին ի նպաստ վարչապետ Ալպին Քորթիի պաշտօնազրկութեան: Այդպիսով անոր կառավարութիւնը դարձաւ Եւրոպայի մէջ առաջինը, որ կը տապալի «Քորոնա» ժահրի տարածման վատ կառավարման պատճառով»: Կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնեցին 120 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանի անդամ 82 երեսփոխաններ, 32 երեսփոխաններ վստահութիւն յայտնեցին կառավարութեան, իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ: Երկրին վարչապետը պաշտօնազրկուելէ առաջ ուշադրութեան հրաւիրեց իր կառավարութեան ամբողջ 50 օր որդեգրած որոշումներուն...

Ծերակոյտը Որդեգրած Է Ամերիկեան Տնտեսութեան Վերականգնման Ուղղուած Շուրջ 2 Եռիլիոն Տոլարի Թղթածրարը

Ծերակոյտը Որդեգրած Է Ամերիկեան Տնտեսութեան Վերականգնման Ուղղուած Շուրջ 2 Եռիլիոն Տոլարի Թղթածրարը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի վերին պալատը` Ծերակոյտը որդեգրեց օրինագիծ մը, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին լոյսին տակ երկրին տնտեսութիւնը խթանելու համար 2 եռիլիոն տոլար յատկացնելու համար: Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, թէ օրինագիծին քննարկումը ընթացած է վերջին քանի մը օրերու ընթացքին, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախապէս խոստացած էր ստորագրել փաստաթուղթը:  Նախքան այդ, օրինագիծը պէտք է ուղարկուի Քոնկրեսի ստորին պալատ` Ներկայացուցիչներու...

Պաղտատի Կանաչ Շրջանին Մէջ Երեք Հրթիռներ Ինկած Են

Պաղտատի Կանաչ Շրջանին Մէջ Երեք Հրթիռներ Ինկած Են

Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի կեդրոնը գտնուող Կանաչ շրջանը երէկ ենթարկուեցաւ հրթիռակոծման: Արդարեւ, երեք հրթիռներ ինկան շրջանին վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ, սակայն ոչ մարդկային վնասներ: Իրաքի Հըզպալլայի ջոկատներ խմբաւորումը մէկ օր առաջ յայտնած էր, որ իր տրամադրութեան տակ գտնուող տեղեկութիւնները կը խօսին «Իրաքի մէջ դիմադրութեան խմբաւորումներու դիրքերուն դէմ ամերիկեան զինուորական յարձակումի մը ճամբան հարթելու մասին»: Խմբաւորումը յայտնեց, որ այդպիսի ծրագիր մը պիտի...

Առողջապահութեան Համաշխարհային Գործակալութեան Համաձայն. Միայն Մեկուսացման Միջոցառումները Բաւարար Չեն «Քորոնա» Ժահրը Կանխարգիլելու Համար

Առողջապահութեան Համաշխարհային Գործակալութեան Համաձայն. Միայն Մեկուսացման Միջոցառումները Բաւարար Չեն «Քորոնա» Ժահրը Կանխարգիլելու Համար

Առողջապահութեան համաշխարհային գործակալութեան ղեկավար Թէոտորոս Ատհանոմ Հեպրէյէսուս շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար կառավարութիւններուն գործադրած «մեկուսացման» միջոցները միայն առանձինը ի վիճակի չեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը` յղում կատարելով Առողջապահութեան համաշխարհային գործակալութեան: Նշենք, որ Հէպրէյէսուս այդպիսի յայտարարութիւն կատարած էր 25 մարտին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մամլոյ ամէնօրեայ ասուլիսի ընթացքին: Ան, մասնաւորապէս բացատրած է. «ՔՈՎԻՏ-19»-ի` «Քորոնա»...

Ֆրանսան «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Իր Ուժերը Իրաքէն Տուն Կը Վերադարձնէ

Ֆրանսան «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Իր Ուժերը Իրաքէն Տուն Կը Վերադարձնէ

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխարհի վրայ տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով որոշած է հեռացնել Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ կազմուած Միջազգային դաշինքին մաս կազմող ֆրանսական զօրքերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Ֆրանսան որոշած է Իրաքի մէջ Շամմալ ռազմական գործողութեան ծիրին մէջ տեղակայուած անձնակազմը երկիր վերադարձնել», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Ներկայիս Իրաքի մէջ կը գտնուին շուրջ 100 ֆրանսացի զինուորներ: Ըստ քրտական «Ռուտաու»...

Ռուսիա Եւ 7 Այլ Երկիրներ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարէն Խնդրած Են Կոչ Ուղղել` Իրենց Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները Ջնջելու

Ռուսիա Եւ 7 Այլ Երկիրներ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարէն Խնդրած Են Կոչ Ուղղել` Իրենց Դէմ Հաստատուած Ամերիկեան Պատժամիջոցները Ջնջելու

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Իրանի, Սուրիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Քուպայի, Նիքարակուայի եւ Վենեզուելայի մնայուն ներկայացուցչութիւնները ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին նամակ յղած են` խնդրելով կոչ ուղղել ջնջելու ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցները, որոնք կը խանգարեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այսօր մենք հասարակաց թշնամի ունինք` «Քովիտ-19»-ը: Եւ ինչպէս կը հասկնաք, ժամանակն է պատրաստուելու, արագանալու, աշխուժանալու:...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա» Ժահրը Միտումնաւոր Տարածողները Կրնան Ահաբեկչութեան Համար Մեղադրուիլ

Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա» Ժահրը Միտումնաւոր Տարածողները Կրնան Ահաբեկչութեան Համար Մեղադրուիլ

Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր «Քորոնա» ժահրը միտումնաւոր տարածող անձերը կրնան ահաբեկչութեան համար մեղադրուիլ: «Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան գրութեան մէջ: Հրապարակման համաձայն, վարակը կը համապատասխանէ «կենսաբանական գործակալի» օրէնսդրական սահմանումին: Նաեւ կը նշուի. «Այսպիսի գործողութիւնները կրնան յանգեցնել ահաբեկչութեան առնչուած ազգային օրէնքներու խախտման»: «ՔՈՎԻՏ-19»-ը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն դէմ իբրեւ զէնք օգտագործելու սպառնալիքներն ու փորձերը անթոյլատրելի...

Փենթակոն Կը Յայտնէ, Թէ «Քորոնա»-ի Տագնապը Կրնայ Երկարիլ Մինչեւ Յուլիս, Եւ Կը Զգուշացնէ Ընկերային Քայքայումէ

Փենթակոն Կը Յայտնէ, Թէ «Քորոնա»-ի Տագնապը Կրնայ Երկարիլ Մինչեւ Յուլիս, Եւ Կը Զգուշացնէ Ընկերային Քայքայումէ

«Քորոնա» ժահրն ու անոր ստեղծած տարբեր կացութիւնները, տագնապները եւ անոնց դիմագրաւման նպատակով առնուած քայլերը կը շարունակեն իրենց վրայ հրաւիրել համայն աշխարհին ուշադրութիւնը: Միջազգային կարմիր խաչը յայտնեց, որ քայլեր կ՛որդեգրէ սուրիացի գաղթականներու «Հոլ» գաղթակայանին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման համար, եւ պատրաստ է Սուրիոյ այլ շրջաններուն մէջ նոյն նպատակով օժանդակութիւն տրամադրելու: Միջազգային կարմիր խաչի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Ռութ...

«Քորոնա» Ժահրի Վտանգին Պատճառով. Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կը Քննարկէ Հեռակայ Քուէարկութեան Կարելիութիւնը

«Քորոնա» Ժահրի Վտանգին Պատճառով. Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Կը Քննարկէ Հեռակայ Քուէարկութեան Կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան տասնեակներով անդամներ զօրակցութիւն յայտնեցին, Քոնկրեսի ներքին կանոնադրութիւնը բարեփոխելով, հեռակայ քուէարկութիւնը արտօնելու գաղափարին: Այդպիսի բարեփոխում մը կը հակասէ երկու դարէ ի վեր կիրարկուած կանոնին, սակայն անոնց կարողութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի ստեղծած վտանգի եւ մեկուսացման պայմաններուն մէջ իրենց օրէնսդրական աշխատանքը շարունակելու: Ներկայացուցիչներու տան 67 դեմոկրատական անդամներ ստորագրեցին դիմում մը, որ կը պահանջէ ազգային...

«Պիտի Չարտօնեմ, Որ «Քորոնա»-ն Տնտեսական Երկարատեւ Խնդիրի Վերածուի», Կ՛ըսէ Թրամփ

«Պիտի Չարտօնեմ, Որ «Քորոնա»-ն Տնտեսական Երկարատեւ Խնդիրի Վերածուի», Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վստահ է, որ իր երկիրը պիտի կարողանայ երեք-չորս ամսուան կամ նոյնիսկ աւելի կանուխ վերականգնել տնտեսական աշխուժութիւնը: «Եկէք աշխատինք: Մեր երկիրը չէ ստեղծուած փակ ըլլալու համար: Միացեալ Նահանգները երեք-չորս շաբթուան ընթացքին կամ, թերեւս, աւելի կանուխ դարձեալ եւ շուտով առեւտուրի համար «բաց» պիտի ըլլան: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ դարմանները վարակէն աւելի վատ ըլլան», յայտնեց Թրամփ: «Քորոնա»...

«Բրիտանիան Երեք Շաբաթ Մեկուսացման Մէջ Պիտի Ըլլայ», Յայտարարեց Ճոնսըն

«Բրիտանիան Երեք Շաբաթ Մեկուսացման Մէջ Պիտի Ըլլայ», Յայտարարեց Ճոնսըն

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, որ երկիրը երեք շաբաթ պիտի գտնուի մեկուսացման մէջ` «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»¬ն: «Բոլորին կու տամ պարզ ցուցմունք մը` դուք պէտք չէ տունէն դուրս գաք: Ատիկա պէտք է ընէք միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: Երկուքէն աւելի մարդոց միեւնոյն վայրին մէջ գտնուիլը  արտօնուած չէ, եթէ անոնք մէկ ընտանիքի անդամներ...

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Նշած Է Իտալիոյ Մէջ «Քորոնա»-ի Հետեւանքով Մահերու Բարձր Մակարդակի Յաւելեալ Պատճառ Մը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Նշած Է Իտալիոյ Մէջ «Քորոնա»-ի Հետեւանքով Մահերու Բարձր Մակարդակի Յաւելեալ Պատճառ Մը

Իտալիոյ մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով մահերու բարձր մակարդակը պայմանաւորուած է ո՛չ միայն երկրին մէջ ժողովրդագրական, այլ նաեւ քննութեան համակարգի առանձնայատկութիւններով: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իտալական «Քորրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ նման յայտարարութիւն մը կատարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնի օգնական Պրուս Էյլվարտ: Համաճարակի տարածման լոյսին տակ Իտալիան փոխած է քննութեան ռազմավարութիւնը: Սկիզբը, երբ...

Ռիատ Ժամանակաւորապէս Արգիլեց Նամազը Մեքքայի Եւ Մետինայի Երկու Գլխաւոր Մզկիթներուն Մէջ

Ռիատ Ժամանակաւորապէս Արգիլեց Նամազը Մեքքայի Եւ Մետինայի Երկու Գլխաւոր Մզկիթներուն Մէջ

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները որոշեցին ժամանակաւորապէս արգիլել նամազը Մեքքայի եւ Մետինայի մէջ, աշխարհի տարածքին իսլամներուն համար երկու գլխաւոր մզկիթներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով սէուտական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին: Սէուտցի աստուածաբաններու խորհուրդը նախապէս նամազի խմբային հաւաքները ժամանակաւորապէս դադրեցուցած էր երկրի բոլոր մզկիթներուն մէջ, բացի Մեքքայի եւ Մետինայի մէջ գտնուողներէն: Նախապէս Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը յայտնած էր, որ...

Չինաստանի Մէջ 5-րդ Օրն Ըլլալով Որեւէ Նոր Վարակում Չէ Արձանագրուած, Իսկ Վարակուածներուն Շուրջ 90 Առ Հարիւրը Բժշկուած Է

Չինաստանի Մէջ 5-րդ Օրն Ըլլալով Որեւէ Նոր Վարակում Չէ Արձանագրուած, Իսկ Վարակուածներուն Շուրջ 90 Առ Հարիւրը Բժշկուած Է

Չինաստանի մէջ իրերայաջորդ հինգերորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր պարագաներ չեն արձանագրուած: Այս մասին յայտարարեցին չինական առողջապահական իշխանութիւնները, որոնք, սակայն, նշեցին, թէ արձանագրուած են «Քորոնա»-ով վարակման 39 «ներածուած» պարագաներ, որոնց շարքին` 10 պարագաներ Շանկհայի մէջ, իսկ 10 այլ պարագաներ` մայրաքաղաք Փեքինի մէջ: Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, նաեւ արձանագրուած են 9 մահեր, բոլորն ալ ժահրի` օճախ Ուհան նահանգին մէջ: Չինաստան մեծ...

Page 469 of 884 1 … 468 469 470 … 884

Արխիւներ