Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Մէջ 5-րդ Օրն Ըլլալով Որեւէ Նոր Վարակում Չէ Արձանագրուած, Իսկ Վարակուածներուն Շուրջ 90 Առ Հարիւրը Բժշկուած Է

Մարտ 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի մէջ իրերայաջորդ հինգերորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր պարագաներ չեն արձանագրուած: Այս մասին յայտարարեցին չինական առողջապահական իշխանութիւնները, որոնք, սակայն, նշեցին, թէ արձանագրուած են «Քորոնա»-ով վարակման 39 «ներածուած» պարագաներ, որոնց շարքին` 10 պարագաներ Շանկհայի մէջ, իսկ 10 այլ պարագաներ` մայրաքաղաք Փեքինի մէջ:

Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, նաեւ արձանագրուած են 9 մահեր, բոլորն ալ ժահրի` օճախ Ուհան նահանգին մէջ:

Չինաստան մեծ ջանք կը թափէ հիմնականին մէջ «Քորոնա» ժահրի իր հողեր «վերադարձ»-ը կանխարգիլելու, եւ այդ պատճառով ալ որեւէ երկրէ Չինաստան հասնող իւրաքանչիւր անձ 14 օր կը պահէ առողջապահական մեկուսացումի մէջ:

Չինաստանի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը օրէ օր կը նուազի, ներկայիս հիւանդանոցներուն մէջ կը բուժուին 5120 մարդիկ: Բուժուած են վարակուածներուն շուրջ 90 առ հարիւրը: Վերջին տուեալներուն համաձայն, Չինաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած պարագաներուն թիւը  81.093 է, որոնցմէ 72.703-ն բուժուած են եւ դուրս եկած հիւանդանոցներէն, ինչ որ կը կազմէ վարակուածներու ընդհանուր թիւին 89,65 առ հարիւրը:

Նորվեկիոյ կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի հովանիին տակ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի համաշխարհային հիմնադրամ ստեղծելու առաջարկ մը կատարեց:

Հիմնադրամը կրնայ ստեղծուիլ մէկ այլ հիմնադրամի օրինակով, որ ստեղծուած էր 2014 թուականին` Էպոլա ժահրին դէմ պայքարելու համար:

«ՄԱԿ-ի հովանիին տակ միջազգային հիմնադրամը կրնայ կայունութիւն ապահովել մեր գործընկերներուն համար եւ պիտի օգնէ բոլոր երկիրներուն ջանքերը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու», նշուած է Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Ինէ Էրիքսեն Սորէյտէի յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Նորվեկիոյ մէջ անհանգստացած են, որ ժահրը կրնայ ազդել առողջապահական տկար համակարգ ունեցող զարգացող երկիրներուն վրայ:

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ 2020 թուականի ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահը յայտնեց, որ ողիմպիական խաղերը պիտի չջնջուին, իսկ զանոնք յետաձգելու ընտրանքը պիտի քննարկուի այլ ընտրանքներու կողքին:

Ճափոնի վարչապետ Շինձօ Ապէ իր կարգին յայտարարեց.«Ողիմպիական խաղերու յետաձգումը կրնայ ընտրանք մը ըլլալ, սակայն անոնց ջնջումը չի քննարկուիր»:

Ֆրանսա կառչած մնաց իր մարզիկները Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն ուղարկելու մերժման իր կեցուածքին: Ամերիկեան «Նիուզ 1» կայքը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Օլիվիէ Վերան կտրուկ կերպով կը մերժէ ֆրանսացի մարզիկներուն մասնակցութիւնը այդ խաղերուն: «Չեմ կրնար ողիմպիական խաղերը ջնջելու պահանջ ներկայացնել, սակայն իբրեւ առողջապահութեան նախարար ֆրանսացի մարզիկներուն պիտի չարտօնեմ Ճափոն ճամբորդել», նշեց ան:

Քանատայի եւ Աւստրալիոյ ողիմպիական կոմիտէները առանձին յայտարարութիւններով իրենց կարգին յայտնեցին, որ «Քորոնա» ժահրի վտանգին պատճառով իրենց մարզիկները պիտի չուղարկեն Թոքիօ: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին ողիմպիական խաղերը յետաձգելու մինչեւ 2021 թուական:

Ֆրանսայի կենսոլորտի փոփոխութեան հարցերու նախարար Էմանուէլ Ուարկոն յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է: Այսպիոսվ, ֆրանսական նախարարաց խորհուրդէն ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ երեքի:

«Հատաս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ֆրանսական ապահովական մարմինները կը ձերբակալեն բոլոր անոնք, որոնք կը մերժեն տնային մեկուսացումի որոշումին ենթարկուիլ:

Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը երէկ հրամայած է երկրին մէջ 21 օրուան տեւողութեամբ կրակմարի «մասնակի» դրութիւն հաստատել` արգելք հանդիսանալու համար «Քորոնա» ժահրի տարածման:

Կրակմարի դրութիւնը գիշերուան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 կ՛երկարի:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման համար ցնոր տնօրինութիւն  կ՛առկախուի օրաթերթերու հրատարակութիւնը:

Նշենք, որ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Նազար Եազիժի մէկ օր առաջ յայտարարած էր Սուրիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին պարագայ մը, որ «արտասահմանէն եկած անձ մըն է»:

«Մաքտանըլտզ» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ կը փակէ Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի ամբողջ տարածքին գտնուող իր մասնաճիւղերը, որոնց աշխատանքը վերջին օրերուն միայն արտաքին մատակարարումով սահմանափակուած էր:

Պուրքինա Ֆասոյի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Անտրիւ Եանկ յայտնեց, որ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Մէկ օր առաջ նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած էր աշխարհահռչակ օփերայի սպանացի երգիչ, թենոր Փլասիտօ Տոմինկօ:

Մինչ այդ, Ֆիլիփինեան կղզիներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1120-ի, իսկ մահացածներուն թիւը` 33-ի: Չեխիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1120-ի, եւ երկրին մէջ արձանգրուեցաւ առաջին մահը: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 415-ի, իսկ մահացածներունը` 7-ի: Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 22.672-ի, իսկ մահացածներունը` 111-ի: Նետերլանտներու մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 4749-ի, իսկ մահացածներունը 213-ի:

Մինչ Սպանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 2182-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8961-ի: Երկրին մէջ նշմարելի է, որ 12 օրէ ի վեր նոր վարակումներուն թիւը կը նուազի:

Քուէյթի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 189-ի, Իսրայէլի մէջ` 1238-ի, Ռուսիոյ մէջ` 438-ի, Պելճիքայի մէջ` 3742-ի, Մարոքի մէջ` 134-ի,  Դանիոյ մէջ` 1450-ի, իսկ Թունուզի մէջ` 80-ի:

Նախորդը

«Թուրքիան Այլեւս Ի Վիճակի Չէ Առանձին Պաշտպանել ՕԹԱՆ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Սահմանները», Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Ռիատ Ժամանակաւորապէս Արգիլեց Նամազը Մեքքայի Եւ Մետինայի Երկու Գլխաւոր Մզկիթներուն Մէջ

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?