Քսաններու խմբակը երէկ 90 վայրկեան տեւած տեսաժողովի մը ընթացքին որոշեցին արագօրէն աշխատիլ Միջազգային դրամական ֆոնտի, Միջազգային դրամատան, շրջանային դրամատուներու եւ այլ բազմակողմանի մարմիններու հետ` զարգացող երկիրներուն աջակցելու համար ելեւմտական «մեծ» թղթածրար մը ներկայացնելու:
Անոնք յայտնեցին, որ յանձնառու են միացեալ ճակատով ներկայանալու «Քորոնա» ժահրին համաճարակին դէմ եւ իրենց «բացարձակ առաջնահերթութիւն»-ը նկատեցին անոր առողջապահական, ընկերային ու տնտեսական հետեւանքներուն դէմ դարմանումը: