Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները որոշեցին ժամանակաւորապէս արգիլել նամազը Մեքքայի եւ Մետինայի մէջ, աշխարհի տարածքին իսլամներուն համար երկու գլխաւոր մզկիթներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով սէուտական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին:
Սէուտցի աստուածաբաններու խորհուրդը նախապէս նամազի խմբային հաւաքները ժամանակաւորապէս դադրեցուցած էր երկրի բոլոր մզկիթներուն մէջ, բացի Մեքքայի եւ Մետինայի մէջ գտնուողներէն:
Նախապէս Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը յայտնած էր, որ թագաւորութիւնը պիտի շարունակէ «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ քայլերու ձեռնարկել: