Եւրոյի Խմբակի Նախագահը Կը Զգուշացնէ Եւրոյի Գօտիին Քայքայումէն
Եւրոյի խմբակի նախագահ Մարիօ Սենթենօ եւրոպական երկիրներու ելեւմուտքի նախարարները զգուշացուց «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով եւրոյի գօտիի քայքայումէն: Ելեւմուտքի նախարարներուն յղուած նամակի մը մէջ ան նշեց. «Անկասկած, մենք բոլորս տագնապէն դուրս պիտի գանք աւելի մեծ պարտքերով բեռնաւորուած, սակայն այդ ազդեցութիւնն ու ատոր երկարատեւ հետեւանքները պէտք չէ քայքայման ազդակ դառնան»: Սենթենօ իր նամակին մէջ յայտնեց, որ միացեալ հակադարձութիւնը պէտք է ճշդուի 12...




















