«Թուրքիան Այլեւս Ի Վիճակի Չէ Առանձին Պաշտպանել ՕԹԱՆ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Սահմանները», Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ իր երկիրը այլեւս անզօր է առանձին պաշտպանելու ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան սահմանները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.ԹԷ.»-ն: Բրիտանական հեղինակաւոր «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած` «Սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ Եւրոպական Միութեան անտարբերութիւնը մարդկութեան խիղճին վրայ հետք է» վերնագրով յօդուածին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը ինքզինք կ՛որակէ իբրեւ...




















