Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Նշած Է Իտալիոյ Մէջ «Քորոնա»-ի Հետեւանքով Մահերու Բարձր Մակարդակի Յաւելեալ Պատճառ Մը

March 25, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալիոյ մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով մահերու բարձր մակարդակը պայմանաւորուած է ո՛չ միայն երկրին մէջ ժողովրդագրական, այլ նաեւ քննութեան համակարգի առանձնայատկութիւններով:

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով իտալական «Քորրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ նման յայտարարութիւն մը կատարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնի օգնական Պրուս Էյլվարտ:

Համաճարակի տարածման լոյսին տակ Իտալիան փոխած է քննութեան ռազմավարութիւնը: Սկիզբը, երբ վարակի տեղական օճախը Լոմպարտիօ մէջ էր, կը քննուէին բոլոր այն անձերը, որոնք հաղորդակցութեան մէջ եղած են վարակուածներու հետ: Սակայն հետագային, երբ իրավիճակը հետզհետէ սրեցաւ եւ ախտահարուածներու թիւը կտրուկ կերպով աճեցաւ, ինչպէս նաեւ յառաջ եկաւ նիւթերու անբաւարարութեան խնդիր, իշխանութիւնները որոշեցին քննել միայն ծանր ախտանիշերով եւ վտանգուած խումբին մաս կազմող անձերը:

Նշենք, որ Իտալիան «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով մահացածներու  թիւով աշխարհի վրայ յառաջատար է:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին գրեց, որ բացատրուած է եւրոպական այլ երկիրներու համեմատութեամբ Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահերու ոչ բնական ցած մակարդակը:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Գերմանիան իր վրայ վերցուցած է հիմնական հարուածներէն մէկը, անիկա կը ներառուի ամէնէն շատ վարակման դէպքեր ունեցող երկիրներու հնգեակին մէջ: Երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը աշխարհի վրայ ամէնէն ցածերէն է (0,35 առ հարիւր): Այլ երկիրներու մէջ, ուր «Քորոնա» ժահրը աւելի տարածուած է,  այս ցուցանիշը 10 առ հարիւր (Իտալիա), 3 առ հարիւր (Ֆրանսա), 5 առ հարիւր (Սպանիա) եւ 4 առ հարիւր է (Չինաստան):

Օրաթերթին կողմէ հարցուած փորձագէտները կ’ենթադրեն, որ այս անբնականութիւնը պայմանաւորուած է համաճարակի համեմատաբար աւելի կանուխ փուլի եւ վարակուածներու աւելի ցած միջին տարիքի հետ:

«Ռուփըրթ Քոխ» հիմնարկի գնահատականներով` Գերմանիոյ մէջ վարակուած անձերու 80 առ հարիւրին տարիքը չի հասնիր 60-ի:

Բացի ատկէ, մասնագէտները կը նշեն Պերլինի` համաճարակի սկիզբէն ի վեր շաբաթական 160.000 քննութիւններ կատարելու կարելիութիւնը, որ աւելի շատ է, քան եւրոպական բոլոր երկիրները միասին վերցուած:

Մէկ այլ հանգամանք է հիւանդանոցներու արհեստավարժ սպառազինումը անհրաժեշտ միջոցներով: Մարտի կէսերուն ալ Գերմանիան տասը հազար նոր սարքաւորումներով յագեցուց հիւանդանոցները` յատուկ «Քորոնա» ժահրը բուժելու համար:

Այնուամենայնիւ, փորձագէտները չեն բացառեր, որ Գերմանիոյ մէջ իրավիճակը կրնայ վատթարանալ, որովհետեւ համաճարակը այնտեղ կը գտնուի տակաւին սկզբնական փուլին մէջ:

Նախորդը

«Այսօր Լիբանանցիին Համար Լրջանալու Պահ Է. Մեր Ժողովուրդէն Կը Խնդրեմ Տունը Մնալ, Մեր Տղաքը Կը Հասնին Իրենց» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

«Բրիտանիան Երեք Շաբաթ Մեկուսացման Մէջ Պիտի Ըլլայ», Յայտարարեց Ճոնսըն

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.