Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոսովոյի Խորհրդարանը Պաշտօնազրկեց Կառավարութիւնը` «Քորոնա» Ժահրի Տագնապի Վատ Կառավարման Պատճառով

March 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քոսովոյի մէջ երեսփոխանները քուէարկեցին ի նպաստ վարչապետ Ալպին Քորթիի պաշտօնազրկութեան: Այդպիսով անոր կառավարութիւնը դարձաւ Եւրոպայի մէջ առաջինը, որ կը տապալի «Քորոնա» ժահրի տարածման վատ կառավարման պատճառով»:

Կառավարութեան նկատմամբ անվստահութիւն յայտնեցին 120 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանի անդամ 82 երեսփոխաններ, 32 երեսփոխաններ վստահութիւն յայտնեցին կառավարութեան, իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ:

Երկրին վարչապետը պաշտօնազրկուելէ առաջ ուշադրութեան հրաւիրեց իր կառավարութեան ամբողջ 50 օր որդեգրած որոշումներուն ու աշխատանքներուն վրայ` նշելով, որ անվստահութեան քուէարկութեան նպատակը քաղաքացիները առանց կառավարութեան ձգելն է:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Գործընկերներս յոյս ունին, որ երկու-երեք ամիս ետք «Քորոնա» ժահրին պիտի յաղթենք: Ասիկա վատ նախատեսութիւն չէ: Որովհետեւ որոշ երկիրներու մէջ կ’ըսեմ, որ վարակին դէմ պատերազմը կրնայ շատ աւելի երկար տեւել»: Ան յոյս յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին հետ առնչուած իրավիճակը նոյնիսկ երեք ամիսէն ալ աւելի շուտ պիտի յաղթահարուի:

Ռուսիոյ նախագահին կարծիքով` Ռուսիոյ մէջ «ՔՈՎԻՏ-19»-ի տարածման առնչուած իրավիճակը, անկասկած, դէպի լաւ պիտի ընթանայ: Ան ընդգծեց, որ որքան արդիւնաւէտ ու կոշտ ըլլան «Քորոնա» ժահրին պատճառով ձեռնարկուող միջոցները, այնքան քիչ անոնք պիտի տեւեն:

Գերմանիոյ առողջապահութեան նախարար Ենս Շփան երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրին առնչուած կացութիւնը կոչեց «լռութիւն փոթորիկէն առաջ»: Ըստ անոր, «Քորոնա» ժահրը դարձած է վերջին 75 տարուան մեծագոյն մարտահրաւէրը:

Մինչ այդ, երէկ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի եւ Մեքքա ու Մատինա քաղաքներուն մէջ սկսաւ կրակմարի դրութեան գործադրութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով հրամայած է 60 օրով արգիլել արտասահմանի մէջ գտնուող ամերիկացի զինուորներու որեւէ տեղաշարժ:

«Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այս որոշումը պիտի ազդէ նախապէս ծրագրուած 90 հազար  տեղակայումներու վրայ, ներառեալ` զինուորներու հայրենիք վերադարձը:

Կը հաղորդուի, որ ամերիկեան «Թէոտոր Ռուզվելթ» հիւլէական օդանաւակիրին վրայ երեք զինուորներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Փենթակոն երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ նախարարութեան մէջ ծառայող սպայ մը վարակուած է ժահրով` աւելցնելով, որ ան պաշտպանութեան նախարարութեան ծրագրաւորման, քաղաքականութիւններու եւ գործողութիւններու գրասենեակին մէջ կ’աշխատի: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ամերիկեան ծովուժին մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուած զինուորներուն թիւը 133 է:

Իտալական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին բնակած վայրին մէջ ապրող իտալացի եպիսկոպոս մը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով եւ փոխադրուած հիւանդանոց: Եպիսկոպոսը կ’աշխատէր Վատիկանի քարտուղարութեան մէջ: Այս զարգացումէն ետք, Ֆրանչիսկոս պապը երկրորդ անգամ ըլլալով ենթարկուեցաւ քննութեան եւ պարզուեցաւ, որ ժահրով վարակուած չէ:

Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Բրիտանիոյ 71-ամեայ գահաժառանգ Չարլզ իշխանը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, սակայն, Էլիզապեթ Բ. թագուհիին առողջական վիճակը լաւ է: Ժահրով վարակուած է նաեւ Սպանիոյ փոխվարչապետը:

«Քորեսփոնտենթ» կը գրէ, որ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը գերազանցած է «Խոզի կրիփ»¬էն մահացածներուն թիւը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը զգուշացուց, որ դպրոցներն ու հաստատութիւնները չափազանց շուտ վերաբանալը կրնայ յանգեցնել «Քորոնա» ժահրի վերածնունդին:

«Մենք կը հասկնանք, որ երկիրները ներկայ պահուն կը փորձեն գնահատել, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կրնան թեթեւցնել այս միջոցները: Պատասխանը կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ երկիրները ի՛նչ կ’ընեն ամբողջ երկրին մէջ սահմանուած խիստ միջոցառումներու պահուն», ըսաւ կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյէսուս:

«Մարդոցմէ խնդրելով տուն մնալ եւ արգելակելով բնակչութեան տեղաշարժը` ժամանակ կը շահինք եւ կը նուազեցնենք առողջապահութեան համակարգերու ծանրաբեռնուածութիւնը: Սակայն միայն այս քայլերով համաճարակները չեն վերանար: Այս քայլերը լաւագոյնս ուղղուած են տարածումը կանխարգիլելուն: Այնպէս որ, եթէ որեւէ երկիր մտադիր է վերաբանալ դպրոցներն ու հաստատութիւնները, ստիպուած պիտի ըլլայ զանոնք նորէն փակելու ժահրի վերածնունդին  պատճառով», աւելցուցած է Կեպրէյէսուս:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի նոր ալիք բռնկած է: Ճափոնի մէջ մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է աւելի քան 45 մահ:

Ըստ լրատու գործակալութեան, երէկ երկրին մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 1314 պարագայ:

«Ես վարչապետ Ապէին ըսած եմ, որ «Քորոնա» ժահրի լայն տարածման բարձր վտանգ կայ», յայտնած է Ճափոնի առողջապահութեան նախարար Քացունոպու Քաթոն` վարչապետ Սինձօ Ապէի եւ տնտեսութեան նախարար Եասութոշի Նիսիմուրայի հետ հանդիպումէն ետք:

Կը հաղորդուի, որ հիւանդութեան լուրջ վտանգ ներկայացնելու եւ տնտեսութեան վրայ ազդելու պարագային վարչապետը երկրին մէջ կրնայ արտակարգ դրութիւն յայտարարել:

Երէկ Չինաստանի մէջ 7¬րդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով «տեղական» վարակման դէպքեր չարձանագրուեցան, սակայն ժահրով վարակում յայտնաբերուեցաւ արտասահմանէն եկած 67 չիներու մօտ, այդպիսով  Չինաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 81285-ի, իսկ մահացածներունը` 3287-ի: Սպանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 56188-ի, իսկ մահացածներունը` 4088-ի: Գերմանիոյ մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 36508-ի, իսկ մահացածներունը` 198-ի: Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 29406-ի, իսկ մահացածներունը` 2234-ի: Հարաւային Քորէայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 9241-ի, իսկ մահացածներունը` 131-ի: Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 9529-ի, իսկ մահացածներունը` 463-ի: Թուրքիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 561-ի, իսկ մահացածներունը` 59-ի: Ազրպէյճանի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 122-ի, իսկ մահացածներունը` 3-ի: Իրաքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 382-ի, իսկ մահացածներունը` 36-ի: Հնդկաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 649-ի, իսկ մահացածներունը` 13-ի: Ինտոնեզիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 893-ի, իսկ մահացածներունը` 78-ի: Շուէտի մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ 2806-ի, իսկ մահացածներունը` 296-ի: Զուիցերիոյ մէջ` վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 10714-ի, իսկ մահացածներունը` 161-ի:

Մինչ Մաւրիտանիոյ մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով առաջին երեք պարագաները, Թայլանտի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1045¬ի, Մալեզիոյ մէջ` 2031-ի, Աւստրալիոյ մէջ` 2799-ի, Քուէյթի մէջ` 49-ի, Օմանի մէջ` 109-ի, Իսրայէլի մէջ` 2495-ի, Պաղեստինեան հողերու վրայ` 83-ի, Արժանթինի մէջ` 502-ի:

Նախորդը

Ծերակոյտը Որդեգրած Է Ամերիկեան Տնտեսութեան Վերականգնման Ուղղուած Շուրջ 2 Եռիլիոն Տոլարի Թղթածրարը

Յաջորդը

Քսաններու Խմբակը Տեսաժողովի Մը Ընթացքին Որոշեց Ելեւմտական «Մեծ» Օժանդակութիւն Տրամադրել Զարգացող Երկիրներուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ  Ուքրանական Յարձակումներուն  Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ
Միջազգային

Թրամփ Ռուսական Քարիւղի Զտարաններու Վրայ Ուքրանական Յարձակումներուն Վերականգնումը «Ամօթալի» Կ՛որակէ

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.