Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Ամերիկացի Ժողովուրդը Յառաջիկայ Երկու Շաբթուան Ընթացքին Պէտք Է Պատրաստուի Սեւ Օրերու»

Ապրիլ 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Քորոնա» Ժահրը Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ի Վեր
Վատթարագոյն Համաշխարհային Ճգնաժամն Է», Կ՛ըսէ Կութերեշ

ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր վատթարագոյն համաշխարհային ճգնաժամն է եւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ անիկա կրնայ ամբողջ աշխարհին վրայ հակամարտութիւններ հրահրել:

Կութերեշ յայտարարեց, որ ճգնաժամի մեծ տարողութիւնը պայմանաւորուած է «հիւանդութեամբ, որ սպառնալիք կը ներկայացնէ ամբողջ աշխարհին համար»:

Ըստ անոր` «Քորոնա» ժահրը պատճառ պիտի դառնայ  տնտեսական աննախադէպ անկումի:

«Այս երկու փաստերու համադրումը եւ այն վտանգը, որ ատիկա պատճառ կը դառնայ անկայունութեան, անկարգութիւններու եւ հակամարտութիւններու ուժեղացման, մեզ կը ստիպեն հաւատալ, որ ասիկա վատթարագոյն ճգնաժամն է, որուն մենք բախած ենք Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերէն ի վեր», ըսաւ ան լրագրողներուն:

Կութերեշի խօսքով` աւելի արդիւնաւէտ եւ ուժեղ պատասխան կարելի է տալ միայն համերաշխութեան շնորհիւ` կոչ ուղղելով միաւորուելու, մոռնալու քաղաքական խաղերը եւ գիտակցելու, որ մարդկութեան կեանքը վտանգուած է:

«Մենք դանդաղօրէն կը շարժինք ճիշդ ուղղութեամբ, սակայն պէտք է արագացնենք մեր քայլերը եւ պէտք է շատ աւելին ընենք, եթէ կ՛ուզենք յաղթել ժահրին», աւելցուց ան:

Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարու, որ նախապէս բազմիցս բացասական արտայայտուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի խիստ միջոցներուն մասին, «Քորոնա» ժահրը որակած է «մեր սերունդի գլխաւոր մարտահրաւէր»-ը եւ իշխանութեան տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղած` միաւորուելու համաճարակը դիմակայելու համար:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ իւրաքանչիւր քաղաքացի եւ ընկերութիւն պէտք է երկրին համար զոհողութիւն կատարէ: Բոլորը պէտք է մասնակցին նոր «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին»:

Թրամփ յայտնեց, որ ինք նախապէս նշած է, թէ ժահրի տարածման արգիլման համար որդեգրուած քայլերը պիտի շարունակուին մինչեւ ապրիլի վերջաւորութիւն` աւելցնելով. «Քաղաքացիները պատրաստելու համար երկիրը փակելու այլընտրանք չունէինք»:

«Փոքր ընկերութիւններուն 52 միլիառ տոլարի փոխատուութիւն պիտի կատարուի», շեշտեց ան` նշելով. «Ելեւմուտքի նախարարութիւնը պիտի օգնէ փոքր ընկերութիւններուն` պայմանով որ իրենց պաշտօնեաներուն ամսականները վճարեն»:

Թրամփ նշեց, որ հիւանդանոցներուն ճկունութիւն կը շնորհէ` իրենց կառոյցները իրենց առաջնահերթութիւններուն համաձայն օգտագործելու: «Ամերիկացի ժողովուրդը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին պէտք է պատրաստուի սեւ օրերու», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Մինչ այդ, ամերիկեան «Ճորճ Հոփքինզ» համալսարանը յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուած է 865 զոհ, ինչ որ մրցանշային թիւ մըն է: Երկրին մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 4076¬ի: Համալսարանը նաեւ նշեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակման 24,743 պարագաներ արձանագրուած են` երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացնելով 188,172¬ի:

Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր անդամներէն 119¬ը վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Նիւ Եորքի նահանգապետը նախապէս ըսած էր, որ նահանգին մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրին դէմ իսկական ճակատամարտը տակաւին չսկսաւ:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ ժահրի դէմ պայքարի ծիրին մէջ որդեգրուած սահմանափակումները պիտի երկարաձգուին մինչեւ 19 ապրիլ:

Իտալիոյ կառավարութիւնը իր կարգին որոշեց մինչեւ 13 ապրիլ երկարաձգել «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարին համար գործող սահմանափակումները:

Իտալիոյ առողջապահութեան նախարար Ռոպերթօ Սփերանցա երկրի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Եթէ ժամանակի առումով սխալ գործենք եւ շտապենք որոշ քայլեր իրականացնել, ապա վտանգի տակ պիտի դնենք ամէնէն դժուար շաբաթներու ընթացքին մեր գործադրած ջանքերը: Ասիկա մեր տնտեսութեան շարժիչը կրկին միացնելու, մեր կեանքի ընկերային հարթութիւնը վերականգնելու եւ մեզմէ անբաժան ազատութիւնը կրկին նուաճելու միակ գործող եղանակն է»:

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար թրքական 21 նահանգներու 50 գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու մէջ մեկուսացման դրութիւն հաստատուած է: Պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վերջերս երթեւեկի սահմանափակման միջոցառումներու որդեգրումէն ետք, թրքական 81 նահանգներուն միջեւ քաղաքացիներու երթեւեկը նուազած է 98,9 առ հարիւրով: Ըստ անոր` Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն շարքին են ապահովական մարմիններու 30 անդամներ, 18 կիսազինուորական ոստիկաններ, 4 գաւառապետ եւ մէկ նահանգապետ:

Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը` յղում կատարելով ռուսական պետական կառոյցներու մէջ իր աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիան երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար Ռուսիայէն օգնութիւն խնդրած է:

Օրաթերթի զրուցակիցները մանրամասնած են, որ Մինսք Մոսկուայէն խնդրած է բժշկական դիմակներ, քննութեան համակարգեր եւ արհեստական շնչառական համակարգեր յատկացնել իրենց: Աղբիւրներէն մէկը յոյս յայտնած է, որ պիելոռուսական իշխանութիւնները կը սկսին առաւել պատասխանատու մօտեցում ցուցաբերել «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ:

«Մենք կը պաշտպանուինք ատկէ: Սակայն այս խնդիրը պէտք է համատեղ լուծենք, որովհետեւ եթէ մէկ երկիրի մէջ համաճարակը անկում կրէ, իսկ միւսին մէջ նոր օճախ յառաջանայ, ապա սպառնալիքը, միեւնոյնն է, պիտի մնայ», բացատրած է ան:

Յայտնի դարձած է, որ այդպիսի խնդրանքով Ռուսիոյ դիմած են ԱՊՀ¬ի անդամ գրեթէ բոլոր երկիրները` բացառութեամբ Ուքրանիոյ եւ Թուրքմենիստանի:

«Տեղեկատուութիւնը կը հաւաքուի եւ կը փոխանցուի, թէ որո՛ւ որքա՛ն օգնութիւն պէտք է յատկացուի», նշած է «Քոմերսանթ»-ի զրուցակիցը:

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր, ինչպէս նաեւ Յորդանանի, Սինկափուրի, Էքուատորի, Եթովպիոյ ղեկավարները կոչ կ՛ուղղեն` «Քորոնա»¬ի դէմ պայքարի համաշխարհային դաշինք ստեղծելու: «Տէօչէ Վելլէ»¬ն կը հաղորդէ, որ անոնց առաջարկները ներկայացուած են «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ:

Ղեկավարները կը նշեն, թէ «Քորոնա» ժահրին առջեւ բոլորը հաւասար են, ուստի անհրաժեշտ է միասին աշխատիլ, որպէսզի կացութիւնը կարելի ըլլայ յաղթահարել:

«Այս վարակը ոչ ոքի պիտի խնայէ` անկախ անկէ, թէ այդ երկիրին մէջ որքանով զարգացած են տնտեսութիւնը, ճարտարագիտութիւնները, որքան մեծ են կարելիութիւնները», ըսուած է յօդուածին մէջ:

Իբրեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ շօշափելի քայլ կը նշուի պատուաստանիւթի ստեղծումը եւ ամբողջ աշխարհին ատոր արդար բաշխումը:

Սուրիոյ մէջ Առողջապահութեան միջազգային գործակալութեան ներկայացուցիչ Նահմէ Սայետ Ապտ յայտնեց, որ, կազմակերպութեան կարծիքով, Սուրիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակումներու կացութիւնը մագլցումի ընթացքի սկիզբն է:

Նշենք, որ Սպանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը հասաւ աւելի քան 102 հազարի, իսկ մահացածներունը` աւելի քան 9 հազարի: Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 67.366¬ի, իսկ մահացածներունը` 732¬ի: Իրանի մէջ վարակուածները  47.593 են, մահացածները` 3036, Իսրայէլի մէջ` 5591 եւ  21, Մեքսիքայի մէջ` 1215 եւ 29:

Մարոքի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 638¬ի, Թունուզի մէջ` 394¬ի, Հնդկաստանի մէջ` 1637¬ի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ` 1720¬ի:

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Թուրքիոյ Մէջ Հակակշիռէ Դուրս Եկաւ

Յաջորդը

Մինչեւ Ապրիլ Ամսուան Աւարտը Եկեղեցիներուն Մէջ Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?