Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի Շաբաթ Օր Իրանի Մէջ Տնտեսական Գործունէութեան Մասնակի Վերսկսումը Յայտարարեց

April 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ իր երկիրը շաբաթ օրուընէ սկսեալ պիտի վերսկսի իր տնտեսական ցած վտանգ պարունակող գործունէութիւնը:

Ռուհանի «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ մեծ վտանգ պարունակող աշխատանքները, դպրոցները, կրօնական վայրերը փակ պիտի մնան մինչեւ 10 մայիս:

Իրանի խորհրդարանին մէջ ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի բանբեր Հիւսէյն Նաքաուի յայտնեց, որ այն պահուն, երբ աշխարհը «Քորոնա» ժահրով զբաղած է, եւ երկիրները կը գործակցին անոր դէմ պայքարելու համար, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն իր երկրին դէմ միակողմանի պատժամիջոցները աւելցնել:

«Այս հարցը կը բացայայտէ վարմունքը Ուաշինկթընի, որ շահերուն կարեւորութիւն կ’ընծայէ ի վնաս մարդու կեանքին», նշեց ան եւ ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց Ուաշինկթընի վրայ ճնշում բանեցնելու` պատժամիջոցները վերցնելու համար:

«Տէյլի Մէյլ» հաղորդեց, որ համացանցին վրայ յայտնուած արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան, որ Պրազիլի մեծագոյն գերեզմանատուներէն մէկուն` Սան Փաուլօ քաղաքի Վիլա Ֆորմոզա շրջանի գերեզմանատան երկայնքով տասնեակ դատարկ գերեզմաններու շարքեր գոյացած են` «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով մահացածները յուղարկաւորելու համար:

Պրազիլի մէջ «Քորոնա» ժահրի պարագաներու թռիչքային աճը ստիպած է 780 հազար քառակուսի մեթր մակերեսով գերեզմանատան մէջ տասնեակ մը գերեզմաններ փորել, ուր արդէն աւելի քան 1,5 միլիոն գերեզման կայ:

Վիլա Ֆորմոզայի գերեզմանատան ծանրաբեռնուածութիւնը, ըստ հաղորդման, կրկնապատկուած է` հասնելով օրական 60 յուղարկաւորութեան:

Գերեզմանատան աշխատակիցները համոզուած են, որ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով աւելի շատ մարդիկ կը մեռնին, քան ինչ որ երկիրի պաշտօնական վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ:

Գերեզմանափորներուն կարծիքով` մահերու թիւը աւելցած է այն մարդոց մօտ, որոնք մահացած են նախքան «Քորոնա» ժահրի քննութեան արդիւնքները ստանալը: Ըստ հաղորդման, այդ դէպքերը չեն ներառուիր Պրազիլի` «Քորոնա» ժահրի դէպքերու պաշտօնական վիճակագրութեան մէջ:

«Թերթերուն մէջ գրուած թիւերը սխալ են: Իրականութեան մէջ անոնք երկու անգամ շատ են, գուցէ` երեք», յայտնած է անոնցմէ մէկը:

«Սի.Էն.Էն.» իր կարգին հաղորդեց, որ Էքուատորի մեծագոյն քաղաքին` Կուայաքիլի փողոցները ամայացած են. այստեղ կարելի է հազուադէպօրէն հանդիպիլ անցորդներու, եւ մահացած մարդոց դիակները ճամբաները կը ձգուին:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակը երկրի ամէնէն խիտ բնակեցուած քաղաքի հանրային ծառայութիւններու աշխատանքը կաթուածահար եղած է: Կը նշուի, որ հիւանդանոցներուն մէջ հիւանդները ընդունելու մահճակալներ չեն մնացած, իսկ դիահերձարաններուն, գերեզմանատուներուն մէջ եւ թաղման գրասենեակներուն մէջ տեղ չըլլալու հետեւանքով բնակիչները մահացածները փողոցները կը ձգեն:

Յայտնի չէ, թէ մահացածներէն քանին «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով կեանքէն հեռացած է: Շատ ընտանիքներ կը նշեն, որ իրենց հարազատը ժահրի ախտանշաններ ունեցած է, մինչդեռ միւսները կը յայտնեն, որ հիւանդներուն Կուայաքիլի գերծանրաբեռնուած հիւանդանոցներուն մէջ չեն կրցած բուժել:

«Մենք հինգ օր սպասած ենք… յոգնած ենք 911 թիւին հեռաձայնելէ, մեզի միայն կ’ըսեն, որ սպասենք», կը նշէ Ֆեռնանտէ Էսփանա անունով քաղաքացին:

Տեղեկութիւններու համաձայն, 23-30 մարտ ժամանակահատուածին մէջ Էքուատորի իշխանութիւնները շուրջ 300 մարմին հաւաքած են 2,9 միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքի առանձին տուներէն:

Ամերիկեան «Ճոն Հոփքինզ» համալսարանը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով 1.340 նոր մահեր արձանագրուած են եւ այդպիսով երկրին մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 8.503-ի: Համալսարանը նշեց, որ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 312.249-ի:

Գերմանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 89.300-ի, իսկ մահացածներուն թիւը` 1.250-ի: Չինաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 81.669-ի, իսկ զոհերունը` 3.329-ի: Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 58.226-ի, իսկ մահացածներունը` 3.603-ի: Պելճիքայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 19.691-ի, իսկ մահացածներունը` 1.447-ի: Սէուտական Արաբիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 2.385-ի, իսկ մահացածներունը` 34-ի: Օմանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 298-ի, իսկ մահացածներուն թիւը` 2-ի:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 3.013 անձեր վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով, այդպիսով երկրին մէջ վարակուածներուն ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 23.934-ի: Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին նաեւ 76 անձեր մահացան, եւ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 501-ի:

Մինչ Հարաւային Սուտանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով առաջին մահը, Ֆրանսայի մէջ այդ թիւը բարձրացաւ 7.500-ի:

Մինչ Իտալիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը մօտեցաւ 129 հազարի` Քուէյթի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 556-ի, Մարոքի մէջ` 960-ի, Պաղեստինեան հողերու վրայ` 226-ի, իսկ Սուրիոյ մէջ` 19-ի:

Նախորդը

Մատրիտ. «Թուրքիան Չինաստանէն Սպանիա Ուղղուող` Շնչառութեան Սարքերով Բեռնաւորուած Օդանաւ Մը Գրաւեց»

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներու Նախագահը «Քորոնա» Ժահրէն Վտանգաւոր Է» Կ՛ըսէ Շամխանի

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.