Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն.«Միջին Արեւելքի Մէջ «Քորոնա»-ն Հակակշիռի Տակ Առնելու Առիթները Կը Նուազին»

Ապրիլ 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ահազանգ հնչեցուց Միջին Արեւելքի մէջ «Քորոնա»-ի առնչուող զարգացումներուն գծով: Ան նշեց. «Մէկ շաբաթ առաջուան թիւին կրկնապատիկը հասնող վարակումները` շուրջ 60 հազար հոգի, Միջին Արեւելքի կառավարութիւնները պէտք է մղեն աւելի արագ շարժելու «Քորոնա» ժահրի տարածումը արգիլելու համար»:

Կազմակերպութեան` Փաքիստանը, Աֆղանիստանը, Սոմալը, Ճիպութին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրները ներառող շրջանի տնօրէն Ահմատ Մանզարի նշեց. «Ամէնէն վտանգուած եւ առողջապահական տկար համակարգ ունեցող կարգ մը երկիրներու մէջ (վարակման) նոր պարագաներ արձանագրուած են»:

«Նոյնիսկ առողջապահական աւելի ուժեղ համակարգեր ունեցող պետութիւններուն մէջ վարակման ու մահուան դէպքերու մտահոգիչ աճ տեսանք», աւելցուց ան` նշելով.«Չեմ կրնար կացութեան վտանգաւորութիւնը բաւարար ընդգծել: Պարագաներու թիւի աճը ցոյց կու տայ, որ վարակումը տեղական ու ընկերային գետնի վրայ արագ կ՛ընթանայ»:

«Տակաւին առիթ ունին, սակայն այդ առիթը օրէ օր կը նուազի», շեշտեց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի տնօրէնը:

Իրանէն բացի, Միջին Արեւելքի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման թիւը քիչ է բաղդատմամբ Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ասիոյ: Առողջապահութեան պատասխանատուները, սակայն, մտավախութիւն ունին, որ վարակման իսկական թիւերը պաշտօնապէս արձանագրուածներէն շատ աւելի բարձր են, եւ հակամարտութիւններու պատճառով տկար կառավարութիւններ ու առողջապահական համակարգեր ունեցող երկիրները դժուարութիւն ունենան ճգնաժամը վերահսկողութեան տակ առնելու:

Մինչ չինական Ուհան քաղաքի պաշտօնատարներէն մէկը զգուշացուց, որ համաճարակի քաղաք վերադարձի հաւանականութիւնը տակաւին ի զօրու կը մնայ` Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարար Մաթ Հանքոք յայտարարեց.«Երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման գագաթնակէտը նախատեսուածէն քիչ մը աւելի կանուխ պիտի հասնի, ատիկա յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն  պիտի ըլլայ»:

Ան «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, սակայն, աւելցուց, որ ատիկա մեծապէս կախեալ է ընկերային հեռաւորութիւն պահելու ցուցմունքներուն հետեւող անձերու թիւէն:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ մէջ ժահրէն վարակուածներուն թիւը վերջին 24 ժամուան ընթացքին բարձրացաւ 4324-ով եւ հասաւ 29.474-ի, իսկ մահացածներուն թիւը`բարձրացաւ 2352-ի:

Փերուի նախագահ Մարթին Վիզքար յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի որդեգրէ սեռերու վրայ հիմնուած նոր միջոցառում մը` արգիլելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումը` նկատի ունենալով այլ երկիրներու մէջ այդ քայլին արձանագրած դրական արդիւնքը եւ անոր գործադրութեան ստուգման պարզութիւնը: Փերուի նախագահը յայտնեց, որ այր մարդիկ իրենց տուներէն դուրս գալու իրաւունք պիտի ունենան միայն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, իսկ կիները` երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը:

Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր վան տեր Փելեն ըսաւ, որ աշխարհի բոլոր երկիրները ներկայիս «Քորոնա» ժահրին պատճառով մեծ մարտահրաւէր մը կը դիմագրաւեն:

Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվենիա նահանգի Փիցպըրկ համալսարանի բժշկութեան կաճառի գիտնականներուն կարծիքով, «Քորոնա» ժահրի հաւանական պատուաստ մը գտած են` յայտարարելով, որ կարելի է զայն արագօրէն ներկայացնել:

Ըստ «Իպիօ Մետիսին» կայքին վրայ հրապարակուած զեկուցումին` պատուաստը առայժմ փորձարկուած է մուկերու վրայ:

Սպանիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սպանիան անցած է Իտալիան` «Քորոնա» ժահրի վարակուածներու թիւով: Սպանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը հասած է 117.000-ի, իսկ Իտալիոյ մէջ այդ թիւը աւելի քան 115.000 է: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Սպանիոյ մէջ մահացածներուն թիւը 10.935 է: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին Սպանիոյ մէջ 7500 անձեր վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, իսկ, ԱՖՓ-ի համաձայն, 900 անձեր մահացած են:

Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Բրիտանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին 684 անձեր մահացած են «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Այդպիսով Բրիտանիոյ մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացած է աւելի քան 3500, իսկ վարակուածներունը` աւելի քան 35 հազարի:

Գերմանիոյ մէջ ժահրէն վարակուածներուն թիւը վերջին 24 ժամուան ընթացքին բարձրացաւ 6174-ով, իսկ մահացածներուն թիւը` 145-ով:

Գերմանական վարակիչ հիւանդութիւններու «Ռապըրթ Քոխ» հիմնարկը հաղորդեց, որ երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 79.696-ի, իսկ մահացածներունը` 1017-ի: Հիմնարկը նաեւ նշեց, որ գերմանական հիւանդանոցներու մէջ աշխատող 2300 անձեր վարակուած են ժահրով:

Մինչ Լիպիոյ եւ Խըրխըզիստանի մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահուան առաջին պարագաները արձանագրուեցան, Չինաստանի մէջ 31 նոր վարակումներ եւ 4 նոր մահեր  արձանագրուած: Այդպիսով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 81.620-ի, իսկ մահացածներունը` 3322-ի: Զուիցերիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 19.303-ի, իսկ մահացածներունը` 484-ի:Քանատայի մէջ յաջորդաբար` 11.131-ի, եւ 161-ի, Հնդկաստանի մէջ` 2300-ի, եւ` 56-ի:

Թուրքիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 18.135-ի, իսկ մահացածներունը` 356-ի, Ալճերիոյ մէջ` 1000-ի, եւ` 86-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ` 10062-ի, եւ` 174-ի, Մեքսիքայի մէջ` 1510-ի, եւ` 50-ի, Մարոքի մէջ` 708-ի, եւ` 44-ի:

Ազրպէյճանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 443-ի, Վրաստանի մէջ` 148-ի, իսկ Եթովպիոյ մէջ` 36-ի:

Միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան մէջ «Քորոնա»-ի պատճառով մահացան 1169 անձեր, եւ այդպիսով երկրին մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 6285-ի:

 

Նախորդը

Պայտըն Կոչ Կ՛Ուղղէ` Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Մեղմացնելու` Օգնելու Համար «Քորոնա»¬ի Դէմ Անոր Պայքարին

Յաջորդը

Դէպի Ներս

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?