Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկիրները Ինչպէ՞ս Կը Պայքարին «Քորոնա» Ժահրին Դէմ, Սակայն Կը Յաղթեն Ընդդիմութեան

Ապրիլ 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն հարցին վրայ, թէ շարք մը երկիրներու կառավարութիւններ կը փորձեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը իբրեւ պատրուակ օգտագործելով մեծցնել ճնշումը ընդդիմութեան ու  լրատուամիջոցներուն վրայ կամ իրենք զիրենք օժտել չափազանց մեծ լիազօրութիւններով: Այս մասին կը գրէ «Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը` ներկայացնելով քանի մը երկիրներու օրինակները:

Ազրպէյճան

19 մարտին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «ազգային դաւաճանները» կրնան «Քորոնա» ժահրի համաճարակը օգտագործել սադրանքներ հրահրելու համար: Ան մեղադրած է ընդդիմութիւնը «խուճապ եւ անկարգութիւն հրահրելու» փորձի յանցանքով: Երկու օր ետք «Ազրպէյճանի ազգային ճակատ» ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ Անար Մելիքով դատապարտուած է տասը օրուան վարչական կալանքի` առողջապահական մեկուսացումի կանոնները խախտելու մեղադրանքով:

25 մարտին, տասը օրուան կալանքի դատապարտուած է «Հանրապետական այլընտրանք» ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամ Արասթուն Պախշալիեւը: Ձերբակալուած է նաեւ ընդդիմադիր գործիչ Թոֆիք Եագուպլուն: Ընդդիմադիր գործիչներու հերթական ձերբակալութիւններուն առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարը:

Պիելոռուսիա

Վերջերս երկրի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն Պետական անվտանգութեան կոմիտէին հրահանգած է` բացայայտել «Քորոնա» ժահրի համաճարակին վերաբերեալ «խուճապ հրահրող» տեղեկատուութեան աղբիւրները:

Հայաստան

«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ 16 մարտին Հայաստանի իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն հաստատած են, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներու համար շարք մը սահմանափակումներ որդեգրած: «Քորոնա» ժահրին մասին որեւէ լուր, ընկերային ցանցի վրայ գրառում կամ վաւերագրութիւն կրնայ հաղորդել միայն իշխանութիւններուն ներկայացուցած տուեալները: Եթէ լրատուամիջոցները համաճարակի մասին որեւէ տեղեկութիւն հրապարակեն` առանց պաշտօնական աղբիւրին յղում կատարելու, ստիպուած պիտի ըլլան պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակել այդ հարցով կամ հերքում տալ երկու ժամուան ընթացքին», կը նշէ աղբիւրը:

Յօդուածագիրը իբրեւ օրինակ կը նշէ, որ ոստիկանութիւնը այցելած է «Ժամանակ» օրաթերթի լրագրող Մարինէ Խառատեանի տունը եւ պահանջած ջնջել դիմատետրեան գրառումը, որուն մէջ վերջինս տեղեկացուցած էր մեծ գործարանի մը մասին, որուն ղեկավարները կը պահանջէին, որ աշխատակիցները աշխատանքի ներկայանան` անկախ հիւանդութեան ախտանշաններ ունենալէն:

Խըրխըզիստան

Մայրաքաղաքին եւ քանի մը քաղաքներու մէջ, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքեր արձանագրուած են, արտակարգ դրութիւն կը գործէ, ինչ որ կը նշանակէ հասարակական փոխադրամիջոցներու աշխատանքի դադրեցում, կրակմարի դրութեան սահմանում, տեղաշարժի սահմանափակում: «Ասիկա հարուած է տեղեկատուութեան հասանելիութեան` առանց այդ ալ արտակարգ դրութեան բարդ իրավիճակին մէջ», ըսած է տեղւոյն իրաւապաշտպաններէն մէկը:

Թուրքիա

Երկրի 18 նահանգներու մէջ մեկուսացման դրութիւն հաստատուած է: Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 300 մարդ ձերբակալուած է ընկերային ցանցերու վրայ «Քորոնա» ժահրին վերաբերեալ գրառումներ կատարելնուն համար: Ոստիկանութիւնը ճնշում կը գործադրէ ո՛չ միայն լրագրողներու վրայ: Օրեր առաջ ձերբակալուած է նաեւ բեռնատարի վարորդ մը, որ իր էջին վրայ տեսանիւթ մը հրապարակած էր` քննադատելով իշխանութիւններուն համաճարակի զսպման ուղղուած քայլերը:

Հունգարիա

Երկրի վարչապետ Վիքթոր Օրպան` վկայակոչելով համաճարակով պայմանաւորուած յատուկ կացութիւնը, երկուշաբթի օր որդեգրած է օրէնք մը, որ իր կառավարութիւնը արտակարգ լիազօրութիւններով կ’օժտէ անորոշ ժամանակով: Օրպանի կուսակցութեան քուէներուն շնորհիւ խորհրդարանին մէջ որդեգրուած օրէնքին համաձայն, երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութիւնը կ’երկարաձգուի անորոշ ժամանակով, որուն ընթացքին կառավարութիւնը պիտի ղեկավարէ առանց խորհրդարանի մասնակցութեան` միայն տեղեակ պահելով խորհրդարանի նախագահը որդեգրուած քայլերուն մասին:

Չինաստան

Իշխանութիւնները կը փորձեն վերահսկել երկրին մէջ տեղեկատուութեան ամբողջ հոսքը: «Սիթիզըն Լապ» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ Չինաստանի մէջ գրաքննութեան կ’ենթարկեն նոյնիսկ ընկերային ցանցի գրառումները:

Նախորդը

«Ռուսիան Ու Ամերիկան Պիտի Շարունակեն Իրարու Օժանդակութիւններու Տրամադրումը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Բրիտանիան Առցանց Խորհրդարան Կը Ստեղծէ

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?