Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան ու Սէուտական Արաբիան կը պատրաստուին քննարկել քարիւղի համաշխարհային գիները բարձրացնելու հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Անոնք (Ռուսիան եւ Սէուտական Արաբիան «Ա.») կը ծրագրեն մէկ սեղանի շուրջ նստիլ, մենք բոլորս կը ծրագրենք այդպէս ընել, որպէսզի գնահատենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել, որովհետեւ չենք ուզեր կորսնցնել քարիւղի արդիւնաբերութիւնը, հազարաւոր ու հազարաւոր աշխատատեղեր», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Թրամփ:
«Այդ երկու երկիրները կը քննարկեն այդ հարցը: Ես պիտի միանամ, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ», աւելցուցած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած է, որ «լաւ զրոյց» ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի իշխանի հետ:
Քարիւղի գիները սկսած են նուազիլ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով, ճգնաժամը հարուած հասցուցած է քարիւղի համաշխարհային պահանջարկին:
Գիները անկում արձանագրած են «ՕՓԵՔ+» գործարքի ձախողումէն ետք, երբ Ռուսիան չէ ընդունած առաջարկուող պայմանները, իսկ Սէուտական Արաբիան ու գործընկերները մերժած են երկարաձգել քարիւղի արդիւնահանման մակարդակի կրճատումը: Իբրեւ հետեւանք` ապրիլ 1¬էն սկսեալ համաձայնութեան մասնակից կողմերը զերծ կը կացուցուին քարիւղի արդիւնահանման որեւէ պարտաւորութիւններէ եւ կը ծրագրեն բարձրացնել արդիւնահանման մակարդակը:
Ամէնէն ծայրայեղ կերպով արձագանգած է ինքնին Սէուտական Արաբիան, որ խոստացած է քարիւղի մատակարարումը աւելցնել մէկ օրուան մէջ երեք միլիոն տակառով, ինչպէս նաեւ վերջին տասնամեակներու համար մրցանշային եղող զեղչ խոստացած է: Այսպիսով` թագաւորութիւնը մտադիր է աւելցնել շուկային մէջ իր բաժինը եւ դուրս ձգել իր մրցակիցները, առաջին հերթին` Ռուսիան:
Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիան ներկայիս Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններ չի վարեր, սակայն հարկ ըլլալու պարագայ պատրաստ է այդ մէկը ընելու:



