Սալվատորի նախագահ Նեժիպ Ապու Քայլէ երկրին ոստիկանութեան ու բանակին արտօնեց աւազակախումբերու անդամներուն դէմ «մահաբեր ուժ» կիրարկել` դադրեցնելու համար «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն մէջ հետզհետէ աւելցող բռնարարքները:
«Ոստիկանութեան ու զինեալ ուժերու անդամները առաջնահերթութիւն պէտք է տան իրենց, իրենց զինակիցներու ու պատուաւոր քաղաքացիներու կեանքերուն պաշտպանութեան: Ինքնապաշտպանութեան եւ Սալվատորի քաղաքացիներու կեանքերը պաշտպանելու համար մահաբեր ուժի կիրարկումը արտօնուած է», ըսաւ Սալվատորի նախագահը:
Անցեալ ուրբաթ օր Սալվատորի մէջ տեղի ունեցած էին մարդասպանութեան 24 արարքներ, ինչ որ անցեալ յունիսին Ապու Քէյլայի` նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր մէկ օրուան մէջ արձանագրուած ոճիրներու բարձրագոյն թիւն է:
Կիրակի օր այդ թիւը բարձրացաւ 29¬ի, ինչ որ Ապու Քէյլան մղեց աւազակախումբերուն դէմ աւելի խիստ միջոցառումներ որդեգրելու:
Ան յայտնեց, որ աւազակախումբերը կը շահագործեն ապահովական ուժերուն «Քորոնա» ժահրի համաճարակը վերահսկողութեան տակ առնելու աշխատանքով զբաղած ըլլալու իրողութիւնը:



