Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանին եւ երկիրի հայ համայնքի անդամներուն յղուած իր ուղերձին մէջ ցաւակցութիւն յայտնած է 1915¬ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ զոհուած հայերու ժառանգորդներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»¬ն:
«Ես յարգանքով կը յիշեմ օսմանցի հայերը, որոնք զոհուած են դժուար պայմաններու մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ, որ մեծ տառապանք բերած է աշխարհի ժողովուրդներուն, անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ անոնց թոռներուն», ըսած է Էրտողան:
Անոր համաձայն, հայերու եւ թուրքերու հասարակաց նպատակն է «ապագայի կառուցումը բարեկամութեան հիման վրայ, որ իր արմատները նետած է անցեալի մէջ»:
«Մենք գիտենք այն շրջանակները, որոնք կ՛անտեսեն մեր միասնութիւնը եւ կը փորձեն թշնամութիւն սերմանել պատմական հողի վրայ: Մենք կը փափաքինք ստեղծել միասնութեամբ եւ հանգստութեամբ լեցուն ապագայ, եւ մեր գլխաւոր ցանկութիւնը հնարաւորութիւն չտալն է անոնց, որոնք այլ նպատակներ կը հետապնդեն», կ՛ըսուի Էրտողանի յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ` Թուրքիոյ «Մարդու իրաւունքներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օրուան առիթով յայտարարութիւն մը հրապարակելով` կոչ ուղղեց 24 Ապրիլը ճանչնալ իբրեւ Ցեղասպանութեան օր, ներողութիւն խնդրել հայերէն, ասորիներէն եւ յոյներէն, անոնց փոխհատուցում վճարել կորսնցուցած սեփականութեան եւ անշարժ գոյքի համար:
Այս մասին հաղորդեց «Սոլ» կայքը:



