Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նետերլանտներն Ու Ֆրանսան Կը Նախատեսեն Վերաբանալ Նախակրթարանները

Ապրիլ 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը մտադիր է մայիսի կիսուն «Քորոնա» ժահրին պատճառով հաստատուած ընդհանուր մեկուսացման քայլերը վերցնել սկսիլ:

Ան Սպանիոյ խորհրդարանի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ արգելքները պիտի վերցուին դանդաղ կերպով եւ քայլ առ քայլ` երաշխաւորելու համար քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Մինչ այդ, Սպանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ժահրին  պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 435-ով, իսկ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 4.211-ով եւ հասաւ 208.389-ի:

Եւրոպական քանի մը երկիրներ պիտի թուլացնեն «Քորոնա» ժահրին  պատճառով դպրոց յաճախելուն առնչուած սահմանափակումները, մասնաւորաբար` Նետերլանտներն ու Ֆրանսան, որոնք յայտարարած են, որ տարրական դպրոցները պիտի վերաբացուին յաջորդ ամսուան սկիզբը: Այս մասին հաղորդեց «Տը Կարտիըն»-ը:

Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Ժան Միշել Պլանքէի համաձայն` իւրաքանչիւր դասարանի մէջ պիտի ըլլայ առաւելագոյնը 15 աշակերտ: Նախակրթական դասարաններու 5-էն մինչեւ 11 տարեկան աշակերտները դպրոց պիտի վերադառնան 12 մայիսին` համազգային մեկուսացման աւարտէն մէկ օր ետք: Ատոր յաջորդող շաբաթը դասերը պիտի սկսին միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներուն մէջ: Ուսումնական հոլովոյթը բոլորին համար պիտի սկսի 25 մայիսէն սկսեալ:

Նետերլանտներու վարչապետ Մարք Ռիւթէ իր կարգին յայտարարած է, որ 11 մայիսին Նետերլանտներու մէջ պիտի վերաբացուին նախակրթական դպրոցները:

«Սկիզբը նախակրթական դպրոցներուն մէջ երեխաները դպրոց պիտի յաճախեն կէս առ կէս: Օրինակ` մէկ օր աշակերտներու մէկ կէսը, միւս օրը` միւս կէսը: Բոլոր դպրոցներուն եւ մանկապարտէզներուն աշխատանքը պիտի վերսկսի 11 մայիսին», ըսած է Նետերլանտներու վարչապետը:

Գիտնականներու համաձայն` «մանկապարտէզներու, նախակրթական դպրոցներու բացման պատճառով երեխաներու եւ անոնց ծնողներու շրջանակին մէջ վարակի փոխանցման դէպքերու թիւի աճ կը սպասուի»:

Լեհաստանի մէջ, ուր կառավարութիւնը երկուշաբթի օր սկսած էր ընդհանուր մեկուսացման քայլերը մեղմացնելու, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 10.034-ի, իսկ մահացածներունը` 404-ի:

Ռուսիոյ մէջ Չինաստանի դեսպանատան բանբեր Քույ Եանվէյ յայտնեց, որ  Չինաստան պատրաստ է Ռուսիոյ հետ գործակցելու, ինչպէս նաեւ կապ պահելու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ` նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար:

«Չինաստան պատրաստ է համագործակցելու միջազգային ընտանիքին, որուն մէջ նաեւ Ռուսիոյ հետ, համաճարակին նկատմամբ հսկողութեան եւ խորհրդատուութեան նպատակով: Չինաստանը պիտի շարունակէ կապ պահել եւ այժմ ալ կապ կը պահէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ», յայտնեց ան:

Եանվէյի համաձայն, Չինաստան պատրաստ է համաճարակի հսկողութեան եւ խորհրդատուութեան փորձառութիւն փոխանակելու, ամրապնդելու հակաժահրային դեղորայքի, պատուաստանիւթերու ստեղծման գործին մէջ միջազգային համագործակցութիւնը, կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնելու այլ երկիրներուն եւ շրջաններուն համաճարակային ծանր վիճակը յաղթահարելու համար:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման ու կանխարգիլման կեդրոնի ղեկավար Ռապըրթ Ռետֆիլտ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ յառաջիկայ ձմեռ կրնան բախիլ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ, աւելի ծանր ու բարդ ալիքի:

Անոր համաձայն, «հաւանականութիւն կայ, որ յառաջիկայ ձմեռ Միացեալ Նահանգներու վրայ ժահրի յարձակումը նոյնիսկ աւելի բարդ պիտի ըլլայ, քան այն, որուն մէջէն հիմա կ’անցնինք»:

Ռետֆիլտ կ’ենթադրէ, որ եղանակային կրիփը կրնայ յառաջանալ «ՔՈՎԻՏ-19»-ի երկրորդ ալիքին հետ միաժամանակ, իսկ երկու շնչառական հիւանդութիւններու միաժամանակ բռնկումը պատճառ պիտի դառնայ, որ Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան համակարգը յայտնուի «անհաւատալի ծանրաբեռնուածութեան» տակ:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ աշխարհի վրայ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու եւ մահացածներու թիւով կը գտնուի առաջին դիրքին վրայ: Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման շուրջ 40 հազար եւ մահուան 2.751 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 819.164-ի, իսկ մահերուն թիւը` 45.340-ի:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 4.611 եւ մահուան 119 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 95.591-ի, իսկ մահացածներունը` 2.259-ի: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 2.237 եւ մահուան 281 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 145.694-ի, իսկ մահացածներունը` 4.879-ի: Հարաւային Քորէայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 11 (չորրորդ օրն ըլլալով 15-էն վար) եւ մահուան մէկ պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 10.694-ի, իսկ մահացածներունը` 238-ի: Չինաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 30 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 82.788-ի, իսկ մահացածներուն թիւը մնացած է 4.632:

Ազրպէյճանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 38 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը 1.518 է, իսկ մահացածներունը` 20: Ռուսիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 5.236 եւ մահուան 57 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 57.999-ի, իսկ մահացածներունը` 513-ի:

Աւստրալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 6.645 է, իսկ մահացածներունը` 74: Եթովպիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 3 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը 111 է, իսկ մահացածներունը` 3: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է ժահրով վարակման 483 եւ մահուան 6 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 8.238-ի, իսկ մահացածներունը` 52-ի: Պաղեստինեան իշխանութեան հողերուն մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 474-ի:

Նախորդը

Խմբագրական. 105-ը 100-ով Պայմանաւորուած. Սեւրի Տրամաբանութեան Տեսանելիութիւնը

Յաջորդը

Թրամփ. «Ամերիկեան Ծովուժին Հրամայեցի Ընկղմել Որեւէ Իրանեան Նաւ, Որ Մեր Նաւերուն Նեղութիւն Կը Պատճառէ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?