Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան Հայոց ցեղասպանութեան աղէտը ուսումնասիրելու պատասխանատուներն ու ոճրագործները ճշդելու եւ ուշացած արդարութիւնը ապահովելու նպատակով հետաքննութեան սկսելու առաջարկ ներկայացուցած է խորհրդարանի նախագահութեան: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է երեսփոխանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Ապրիլ 24¬ը Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրն է: 1915 թուականի ապրիլ 24¬ին Օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ, կառավարութեան իսկ որոշումով, ձերբակալուեցաւ ու աքսորի ենթարկուեցաւ արեւմտահայ մտաւորական ընտրանին, որուն մեծ մասը աւելի ուշ պիտի սպաննուէր Անատոլուի տափաստաններուն մէջ», նշած է երեսփոխանը:
Փայլան ընդգծած է, որ 1915 թուականին ի գործ դրուեցաւ ոչնչացումի ծրագրուած քաղաքականութիւնը, որ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու եւ ՄԱԿ¬ի կողմէ սահմանուած է իբրեւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւն»: Մինչդեռ հայ ժողովուրդին պատահած այս մեծ աղէտէն 105 տարիներ ետք ալ, Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ այս փաստը չէ քննարկուած, արդարութիւնը չէ վերականգնուած ու պատահածը չէ ստացած իր գնահատականը:
«Աշխարհասփիւռ հայութիւնը մէկ դար է արդարութեան կը սպասէ, որ կարելի է հաստատել միայն Թուրքիոյ ժողովուրդին, հասարակութեան խիղճին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Այս գծով առաջարկած ենք խորհրդարանական պատշաճ հետաքննութեան սկսիլ 1915¬ին հայ ժողովուրդին պատուհասած աղէտը ուսումնասիրելու, պատասխանատուներն ու ոճրագործները ճշդելու, անցեալին հետ առերեսուելու եւ ուշացած արդարութիւնը ապահովելու նպատակով», գրած է Փայլան:



