Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի օդուժի հրամանատար զօրավար Ամիր Ալի Հաժիզատէ Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ այս տարուան յունուարին կը ծրագրէին հարուածել Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի նստավայրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի իրանեան ծառայութիւնը:
3 յունուարին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի սպանութենէն ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած էր, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի թիրախաւորեն «իրանեան 52 թիրախներ, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին երկրին համար»: Սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը չէր նշած, թէ ո՛ր թիրախներն էին, որոնք պիտի հարուածուէին, եթէ Իրան հարուածէր ամերիկեան զօրքերը:
Ի պատասխան Սիւլէյմանիի սպանութեան` Իրան 8 յունուարին հարուածած էր Իրաքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան երկու ռազմակայաններ:
«Իրանի տարածքին մէջ գտնուող թիրախներուն շարքին, որոնք անոնք կը սպառնային հարուածել, կար նաեւ գերագոյն ղեկավարի նստավայրը», ըսած է Հաժիզատէ:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէի կ’ապրի իր աշխատավայրին կից գտնուող տան ու կրօնական սրահին մէջ, ուրկէ ան իր խօսքը կը յղէ իրանեան հասարակութեան:
Անոր բնակութեան վայրը կը գտնուի Թեհրանի կեդրոնը:
Համալիրի կազմին մէջ կը գտնուի նաեւ երկրի խորհրդարանի հին շէնքը, Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը եւ նախագահի գրասենեակը:



