Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` անմիջապէս հակադարձելու Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարին «երկրին ղեկավարման ժողովրդային լիազօրութիւն ստանձնելուն համար», եւ Հաֆթարը ամբաստանեց Լիպիոյ մէջ զինուորական բռնատիրութիւն հաստատել ձգտելու մէջ:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտնեց, թէ Հաֆթար իր վերջին քայլերով հաստատած է, որ կը մերժէ քաղաքական երկխօսութիւնը եւ միջազգային ջանքերը, ներառեալ` Պերլինի վեհաժողովի արդիւնքները:
«Հաֆթարի աջակցող երկիրները, որոնք կը պնդեն, թէ ան ժողովրդավարութեան առաքեալ մըն է, պէտք չէ մոռնան, թէ յաչս լիպիացի ժողովուրդին մեղսակից պիտի ըլլան անոր արարքներուն», նշեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: