Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարայեւոն Ապրիլ 24-ին Իր Աջակցութիւնը Յայտնած Է Թուրքիոյ

Մայիս 1, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոսնիոյ մայրաքաղաք Սարայեւոյի քաղաքապետարանի շէնքը, որ կառուցուած է 1896-ին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օրը ներկուած է թրքական դրօշին գոյներով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիճընմոնիթըր» կայքը:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, այս քայլը նուիրուած եղած է Թուրքիոյ խորհրդարանի կազմութեան օրուան, որ կը նշուի 23 ապրիլին: Այդ օրը Թուրքիոյ մէջ կը նշեն իբրեւ «Ազգային անկախութեան եւ երեխաներու տօն»:

Սակայն ապրիլ 24-ին` հայերու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը կատարուած Սարայեւոյի քայլը պատահական չէ: Այդ կարծիքին են նաեւ տեղական քանի մը լրատուամիջոցներ: «Տնեսնիք» կայքը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յօդուածը խորագրած է «Ինչո՞ւ բազմազգ Սարայեւոն կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը»: Կայքը կը նկատուի Պոսնիոյ խրուաթներու շահերը պաշտպանող աղբիւր:

Անդրադառնալով քաղաքապետարանի շէնքին թրքական դրօշի գոյներով գունաւորման` յօդուածը կը նշէ. «Այս նշանակալի օրը Սարայեւոն որոշած է ամէնէն բաց ձեւով արժանին մատուցել թուրք եղբայրներուն»:

Պոսնիական լրատուամիջոցներէն շատերը կը գրեն, որ թրքական դրօշի գոյներով ներկուիլը կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ նշուող վերոնշեալ տօնին, ոմանք ալ կ’ըսեն, թէ այդ ձեւով Պոսնիան իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Թուրքիոյ` «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ:

Թուրքիան շաբաթներ առաջ օգնութիւն ուղարկած էր Պոսնիոյ, սակայն քաղաքապետարանը որոշած է ոչ թէ ապրիլ 20-ին շէնքը գունաւորել թրքական դրօշի գոյներով, այլ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական. Ճգնաժամի Շահագործման Միտումները (Մայիս Մէկեան Ժամանակակից Խորհուրդը)

Յաջորդը

«Թուրքիա Յաղթահարած Է «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Գագաթնակէտը» Կ’ըսէ Թուրքիոյ Առողջապահութեան Նախարարը

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?