Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու, դեմոկրատական Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ նախագահական ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելու պարագային պիտի չջնջէ գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Պլումպըրկ»-ին:
«Ատիկա պէտք չէ տեղի ունենար այն բովանդակութեամբ, որով եղաւ: Ատիկա պէտք է ըլլայ աւելի մեծ համաձայնութեան ծիրին մէջ, որպէսզի օգնէ մեզի այդ հոլովոյթին մէջ խաղաղութեան համար կարեւոր քայլերու հասնելու: Սակայն, այժմ ես դեսպանութիւնը չէի տեղափոխեր Թել Աւիւ», ըսած է նախկին փոխնախագահը` կողմնակիցներու հետ առցանց տեսաուղերձի ժամանակ:
Ան աւելցուցած է, որ նախագահ դառնալու պարագային հիւպատոսարան պիտի բանայ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը երկու պետութիւններու հայեցակարգին հիմքով լուծելու իրական կարելիութիւնները պահպանելու համար:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը գործնականապէս Թրամփի վարչախումբին հետ բարձր մակարդակով չի հաղորդակցիր 2018 թուականէն սկսեալ, երբ Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին Իսրայէլի մէջ իրենց դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշման մասին: