Նիւ Եորքի Պրուքլին շրջանին մէջ ոստիկանութիւնը թաղման գրասենեակէ մը ոչ շատ հեռու կանգնեցուած բեռնատարներուն մէջ տասնեակներով փտող դիակներ յայտնաբերած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը:
Օրաթերթին համաձայն` ոստիկանութիւնը տեղական ժամանակացոյցով կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին թաղամասի բնակիչներէն` բեռնատարներէն եկող գարշահոտի վերաբերեալ ահազանգ ստացած է: Դէպքի վայր հասնելէ ետք ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է, որ բեռնատարները լեցուն են տասնեակներով փտող դիակներով:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ի տուեալներով` տակաւին յայտնի չէ, թէ յայտնաբերուած դիակներէն քանին «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահացած են:
Անանունութեան պայմանով օրաթերթին տեղեկութիւն յայտնած անձին համաձայն, դիակները բեռնատարներու մէջ պահուած են, երբ թաղման գրասենեակի սառցարանային խուցերը դադրած են աշխատելէ:
Ոստիկանութիւնը դէպքին առնչութեամբ հետաքննութիւն կը կատարէ: