Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Տարբերակներ Կը Մշակեն Չինաստանը Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Համար», Կ՛ըսէ Թրամփ

April 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ տարբերակներ կ՛ուսումնասիրեն Չինաստանը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:

Սպիտակ տան ղեկավարը Չինաստանը մեղադրած է «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու անկարողութեան համար: Ըստ անոր, խօսքը մեծ գումարներու մասին է:

«Գերմանիան տարբերակներ կ՛ուսումնասիրէ, մենք` նոյնպէս, եւ կը խօսինք աւելի մեծ գումարներու մասին, քան` Գերմանիան: Մենք տակաւին վերջնական որոշում չենք տուած», ըսած է Թրամփ` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթըն կը ծրագրէ՞ Չինաստանէն փոխհատուցում պահանջել «Քորոնա» ժահրի վնասներուն պատճառով, ինչպէս, ըստ լրագրողին, ատիկա ըրաւ Պերլինը` երեսուն միլիառ եւրոյի չափով:

«Մենք շատ լուրջ հետաքննութիւն կը կատարենք, եւ ժամանակին ձեզ պիտի տեղեկացնենք: Մենք պէտք է պատասխաններ ստանանք», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Մինչ այդ` «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ, նախկին եւ ներկայ պաշտօնատարներու համաձայն, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման մասին յունուար¬փետրուարին զգուշացուցած են Միացեալ Նահանգներու նախագահը, ինչպէս նաեւ հաստատած, որ չինացի պաշտօնատարները կը թաքցնեն ժահրի տարածման տարողութիւնն ու մահուան պարագաներու իրական թիւերը:

Օրաթերթի զրուցակիցներուն համաձայն` Թրամփ այդ նախազգուշացումները լուրջի չէ առած` մերժելով Սպիտակ տան մէջ «Քորոնա» ժահրի հարցով զբաղող թիրախային խումբ ստեղծել: Կը նշուի նաեւ, որ Ազգային անվտանգութեան հարցերու փոխխորհրդական Մեթիու Փոթինկըր կոչ ուղղած է` Եւրոպայի հետ Միացեալ Նահանգներու սահմանները փետրուարին փակելու, սակայն Թրամփ նման քայլի դիմած է միայն մարտին:

Ամերիկեան լրատուամիջոցները կը նշեն, թէ Միացեալ Նահանգներու հետախուզական գործակալութիւնները Չինաստանի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի յայտնուելուն մասին սկսած են տեղեկութիւններ հաւաքել նոյեմբերին: Աղբիւրները կը պնդեն, որ տեղեկութիւնները Թրամփին փոխանցուած են յունուարին, սակայն նախագահը յայտարարած է, թէ ժահրի վտանգաւորութեան մասին իմացած է միայն 2 փետրուարին ուժի մէջ մտած Չինաստանէն Միացեալ Նահանգներ մեկնելու սահմանափակումներէն ոչ շուտ:

Ապրիլի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը Սպիտակ տան ներկայացուցած է գաղտնի զեկուցում մը, որուն մէջ կը խօսուի, թէ Չինաստան կը թաքցնէ երկրին մէջ համաճարակի իրական տարողութիւնը: Մասնաւորաբար կասկածներ կան, թէ Փեքին վարակուածներու եւ մահացածներու շատ աւելի նուազ թիւերու մասին յայտարարած է, քան ինչ որ է իրականութիւնը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամերիկացի քաղաքագէտները ամբաստանեց «Քորոնա» ժահրի համաճարակի մասին «բացայայտօրէն ստելու» մէջ:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Կինկ Շուանկ յայտնեց. «Անոնք մէկ նպատակ ունին` համաճարակէն նախազգուշացման ու զայն վերահսկողութեան տակ առնելու վերաբերեալ իրենց որդեգրած  վատ որոշումներու պատասխանատուութենէն խուսափիլ ու հասարակութեան ուշադրութիւնը այդ իրողութենէն շեղելը»:

ԱՖՓ հաղորդեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով աշխարհի վրայ մահացածներուն թիւը հասած է 210.930¬ի, որուն աւելի քան 85 առ հարիւրը` Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մահացածներուն բարձրագոյն թիւը արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, որուն կը յաջորդեն Իտալիան, Սպանիան, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան:

Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակման 2131 եւ մահուան 95 պարագաներ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 112.261¬ի, իսկ մահացածներունը` 2900¬ի: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 1144 եւ մահուան 163 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 156.337¬ի, իսկ մահացածներունը` 5913¬ի:

Վրաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 511¬ի, իսկ մահացածներունը` 6¬ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 987.022¬ի, իսկ մահացածներունը` 56.144¬ի:

 

 

 

Նախորդը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Իտլիպի Շուրջ Համաձայնութիւններու Գործադրման Եւ «Քորոնա»¬ի Դէմ Պայքարի Հարցերը

Յաջորդը

«ՖԻՖԱ»-ի Գլխաւոր Բժիշկը ԴԷմ է Տարեշրջանի Վերսկսումին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.