Սուրիա եւ Իսրայէլ Փարիզի մէջ երկօրեայ բանակցութիւններէ ետք համաձայնեցան ստեղծելու ամերիկեան հսկողութեամբ «միաձուլման» բջիջ մը` համակարգելու համար հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակումը, զինուորական լարուածութեան մեղմացումը, դիւանագիտական կապի հաստատման եւ առեւտրական գործակցութեան առիթներու ամրապնդումը:
Ժողովը գումարուեցաւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի միջնորդութեամբ:
Ժողովէն ետք Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ-Սուրիա միացեալ հաղորդագրութիւն մը նշեց. «Այս գործիքակազմը պիտի ծառայէ որեւէ վէճ շուտով կարգաւորելու եւ սխալ հասկացողութիւններու կանխարգիլման համար աշխատելու»:
Պարրաք իսրայէլեան «Այ.24» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլացի եւ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ բանակցութիւններուն արդիւնքը մեծ բեկում մըն է»:


