Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Վենեզուելայի նախագահի պաշտօնակատար Տելսի Ռոտրիկեզի հետ կը խօսի՞, նշեց. «Կ՛աշխատինք անձերուն հետ, որոնք տակաւին նոր երդում տուին: Ինծի մի՛ հարցնէք, թէ պատասխանատուն ո՛վ է, այլապէս ձեզի պիտի տամ պատասխան մը, որ չափազանց վիճայարոյց է»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ, ըսաւ. «Կը նշանակէ, թէ (Վենեզուելայի մէջ հարցերը) մենք կը ղեկավարենք»:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտնած է. «Վենեզուելայի մէջ ընտրութիւնները պիտի յետաձգուին: Ընտրութիւնները պիտի կազմակերպենք, բարեկարգման ենթարկենք եւ յարմար պահուն կայացնենք, սակայն հիմնական հարցը, որ պէտք է բարեկարգուի, քայքայուած պետութիւնն է»:
Ան յայտնեց, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի եւ անոր կնկան ձերբակալման գործողութեան ընթացքին «բազմաթիւ քուպացիներ սպաննուեցան»` աւելցնելով. «Քուպան տապալման պատրաստ է», եւ դժուար թէ տոկայ առանց վենեզուելական քարիւղի եկամուտին:
«Չեմ կարծեր, որ բան մը ընելու կարիք պիտի ունենանք: Կը թուի, թէ պիտի տապալի», նշեց ան:
Նշենք, որ Քուպայի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ ամերիկեան զինուորական գործողութեան ընթացքին 32 քուպացիներ սպաննուած են, իսկ Քուպայի նախագահ Միկել Տիազ Քանել յայտնեց. «Պատիւ ու փառք քուպացի քաջարի մարտիկներուն, որոնք ինկան դիմակայման ընթացքին կայսերապաշտական տարազով ահաբեկիչներու, որոնք առեւանգեցին եւ ապօրինի կերպով երկրէն դուրս բերին Վենեզուելայի նախագահն ու անոր կինը»:
«Քոլոմպիան շատ հիւանդ է, եւ զայն մտային հիւանդութենէ տառապող անձ մը կը ղեկավարէ, որ կը սիրէ քոքային արտադրել եւ Միացեալ Նահանգներ ուղարկել. ատիկա երկար պիտի չտեւէ», ըսաւ Թրամփ, եւ երբ լրագրողները հարցուցին, թէ ատիկա Քոլոմպիոյ մէջ ամերիկեան գործողութի՞ւն կը նշանակէ, պատասխանեց. «Հարցը ինծի համար շատ լաւ կը թուի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը, մեկնաբանելով Իրանի մէջ ապրուստի պայմաններու դէմ երկու շաբաթէ ի վեր ընթացող բողոքի ցոյցեր, շեշտեց. «Մօտէն կը հետեւինք կացութեան: Եթէ սկսին, անցեալին իրենց կատարածին պէս, մարդոց սպաննել, ապա կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներէն շատ հզօր հարուած մը պիտի ստանան»:


