Միջազգային

Եմէնի Ղեկավար Խորհուրդը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ուժերուն 24 Ժամ Տուաւ Եմէնեան Հողերէն Հեռանալու

Եմէնի Ղեկավար Խորհուրդը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ուժերուն 24 Ժամ Տուաւ Եմէնեան Հողերէն Հեռանալու

Եմէնեան ղեկավար խորհուրդի պետ Ռաշատ Օլէյմի նշեց. «Հարաւային նահանգներու մէջ մեր ժողովուրդը Եմէնի կառոյցի հարազատ անկիւնաքար է»` աւելցնելով, որ այդ ժողովուրդին զոհաբերութիւնները ի զուր պիտի չըլլան: «Հարաւային նահանգներու մեր ժողովուրդի արդար դատը այս իշխանութեան օրօք երբեք ալ կասկածի տակ չէ առնուած: Հարաւային նահանգներու մէջ մեր ժողովուրդին քաղաքական, տնտեսական ու վարչական իրաւունքները ժխտուած չեն, եւ հարցերը լուծելու յանձնառութիւն ստանձնեցինք», ըսաւ ան:...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  «Սի. Այ. Էյ.»-ը Դեկտեմբերին Վենեզուելական  Նաւահանգիստի Վրայ Անօդաչու Թռչող  Սարքով Յարձակում Գործած Է

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. «Սի. Այ. Էյ.»-ը Դեկտեմբերին Վենեզուելական Նաւահանգիստի Վրայ Անօդաչու Թռչող Սարքով Յարձակում Գործած Է

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած են, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ը դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին Վենեզուելայի մէկ նաւահանգիստին վրայ անօդաչու թռչող սարքով յարձակում գործած է: Օդային յարձակումին թիրախը եղած են Վենեզուելայի ծովափին վրայ գտնուող հեռաւոր նաւամատոյց մը, որ կը կարծուի, թէ թմրեցուցիչներու պահեստաւորման եւ փոխադրութեան համար կ՛օգտագործուի:

Օճալան Անգարային Կոչ Կ՛ուղղէ` Դամասկոսի  Եւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Միջեւ  Համաձայնութեան Գոյացումը Դիւրացնելու

Օճալան Անգարային Կոչ Կ՛ուղղէ` Դամասկոսի Եւ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Միջեւ Համաձայնութեան Գոյացումը Դիւրացնելու

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար, 26 տարիէ ի վեր բանտարկուած Ապտալլա Օճալան Անգարային կոչ ուղղեց` Դամասկոսի եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու միջեւ համաձայնութեան գոյացումը դիւրացնելու: Ան այս մասին երեքշաբթի օր յայտնեց նամակի մը մէջ, որ փոխանցուեցաւ թրքական քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութիւն ու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան: 30 դեկտեմբեր թուակիր նամակին մէջ Օճալան կ՛ըսէ. «Անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան դիւրացնող  եւ շինիչ դեր մը...

Թրամփ. «Քանի Մը Շաբաթէն Յստակ Պիտի Դառնայ,  Եթէ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալը Կարելի Է»

Թրամփ. «Քանի Մը Շաբաթէն Յստակ Պիտի Դառնայ, Եթէ Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալը Կարելի Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան վերաբերեալ բանակցութիւններուն արդիւնքը պիտի յստականայ յառաջիկայ շաբաթներուն: Թրամփ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ Մարալակոյի մէջ իր ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց. «Կը կարծեմ այս կամ այն ձեւով քանի մը շաբաթէն պիտի գիտնանք», թէ բանակցութիւնները արդիւնքի յանգա՞ծ են: Ան յայտնեց, որ բանակցութիւնները «չափազանց դժուար» էին: Պատասխանելով...

Զամիր. «Ճակատամարտը Չէ Աւարտած,  Բոլոր Ճակատները  Կը Գործեն, Եւ Տակաւին Մեր Առջեւ  Բազմաթիւ Մարտահրաւէրներ Կան»

Զամիր. «Ճակատամարտը Չէ Աւարտած, Բոլոր Ճակատները Կը Գործեն, Եւ Տակաւին Մեր Առջեւ Բազմաթիւ Մարտահրաւէրներ Կան»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր յայտարարեց, թէ իսրայէլեան ուժերու շարք մը ճակատներու վրայ զինուորական գործողութիւնները «տակաւին չեն աւարտած եւ գործօն են»: Ան այս մասին յայտնեց իսրայէլեան բանակի հետախուզական բաժանմունքին` Ամանի տարեկան խորհրդաժողովի ընթացքին: «Ճակատամարտը չէ աւարտած, բոլոր ճակատները տակաւին կը գործեն, եւ տակաւին մեր առջեւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան», աւելցուց ան: Զամիր նշեց, որ իր երկրի բանակը կ՛անցնի փոխանցման «անհրաժեշտ»...

Իսրայէլ-Յունաստան-Կիպրոս 2026-ի  Ռազմական Ծրագիր` Ընդդէմ Թուրքիոյ

Իսրայէլ-Յունաստան-Կիպրոս 2026-ի Ռազմական Ծրագիր` Ընդդէմ Թուրքիոյ

Իսրայէլեան բանակը յայտարարած է Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ եռակողմ զինուորական համագործակցութեան ծրագիրի ստորագրութեան մասին: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, այս համաձայնագիրը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2026 թուականը, նպատակ ունի զսպել Արեւելեան Միջերկրականի մէջ թրքական ազդեցութիւնը: Ծրագիրը կը նախատեսէ կանոնաւոր միացեալ ռազմափորձեր, մասնայատուկ ուժերու ստորաբաժանումներու վարժեցում եւ խորհրդակցութիւններ բարձրագոյն զինուորական հրամանատարութեան մակարդակով: Այս համագործակցութեան հիմնական նպատակը ընդհանուր...

Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Դաշնակիցները Տարւոյն Սկիզբը  Փարիզի Մէջ Ժողով Պիտի Գումարեն` Քննարկելու  Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Դաշնակիցները Տարւոյն Սկիզբը Փարիզի Մէջ Ժողով Պիտի Գումարեն` Քննարկելու Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց, թէ յունուարին Փարիզի մէջ պիտի գումարուի Ուքրանիոյ դաշնակիցներու ժողով մը` քննարկելու համար Ռուսիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնութեան ծիրին մէջ Ուքրանիոյ տրամադրուելիք ապահովական երաշխիքները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ իր զրոյցէն ետք Մաքրոն յայտարարեց. «Դաշինքի փափաքող պետութիւնները յունուարի սկիզբը Փարիզի մէջ պիտի հաւաքուին իրենց իւրաքանչիւրին մասնակցութեան վերջին ճշգրտումները կատարելու համար»: Իտալիոյ...

Ըստ Սուրիացի Պաշտօնատարի Մը.  Սուրիոյ Կայունութեան Քայքայման Փորձեր  Եւ Արտաքին Օրակարգեր Գոյութիւն Ունին

Ըստ Սուրիացի Պաշտօնատարի Մը. Սուրիոյ Կայունութեան Քայքայման Փորձեր Եւ Արտաքին Օրակարգեր Գոյութիւն Ունին

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներէն Պասսամ Պարպանտի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ երկրին մէջ կայունութեան քայքայման փորձեր գոյութիւն ունին: Ան ըսած է, թէ կառավարութիւնը ցոյցերուն առիթ ընծայած է, «որովհետեւ նոր Սուրիոյ մէջ ենք»: Պաշտօնատարը շեշտած է, որ տեղի ունեցողը «պետութեան խափանում» է` նշելով. «Գոյութիւն ունին կայունութիւնը քայքայելու յայտարարուած արտաքին օրակարգեր»: Երէկ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ դաշնակցային դրութեամբ եւ...

Արաղչի Եւ Պըն Ֆարհան Քննարկած Են  Եմենի Եւ Լիբանանի Հարցերը

Արաղչի Եւ Պըն Ֆարհան Քննարկած Են Եմենի Եւ Լիբանանի Հարցերը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը կիրակի կէսօրին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային ու միջազգային զարգացումները: Այս մասին հաղորդեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու շուրջ քննարկում ու տեսակէտներու փոխանակում...

Արաղչի Եւ Պըն Ֆարհան Քննարկած Են  Եմենի Եւ Լիբանանի Հարցերը

Իրանի Եւ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Շրջանային Կարեւոր Հարցեր

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր քաթարցի պաշտօնակից շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են շրջանային կարեւոր հարցերու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Նախարարները մտահոգութիւն յայտնած են Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ` Իսրայէլի կողմէ զինադադարի համաձայնագիրներու խախտումներու, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ Լիբանանի վրայ...

Թրամփ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Նեթանիահուի Հետ  Բանակցութիւնները Կեդրոնական Կազայի Վրայ»

Թրամփ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Նեթանիահուի Հետ Բանակցութիւնները Կեդրոնական Կազայի Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տեղ ըլլար, պիտի ճանչնա՞ր Սոմալիլենտը, ըսաւ. «Ո՛չ: Արդեօ՞ք մէկը գիտէ՞, թէ Սոմալիլենտը ի՛նչ է»: Անդրադառնալով այսօր Մայամիի մէջ Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումին` ան նշեց. «Կը նախատեսեմ, որ Նեթանիահուի հետ բանակցութիւնները կեդրոնանան Կազայի վրայ»: «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմի հարցով խաղաղութեան...

Փութին. «Ուքրանիան Խաղաղութեան  Հասնելու Չի Շտապեր»

Փութին. «Ուքրանիան Խաղաղութեան Հասնելու Չի Շտապեր»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ուքրանիան խաղաղութեան հասնելու չի շտապեր, եւ եթէ չուզէ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծել, Մոսկուան իր բոլոր նպատակներուն ուժի կիրարկմամբ պիտի հասնի: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Փութինի խօսքերը յաջորդած են Քիեւի վրայ Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով զանգուածային յարձակումին, որմէ ետք Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած էր, թէ Ռուսիան ցոյց կու կայ...

Պրիժիթ Պարտօ Մահացաւ

Պրիժիթ Պարտօ Մահացաւ

91 տարեկանին մահացաւ ֆրանսացի հռչակաւոր դերասանուհի Պրիժիթ Պարտօ: Այս մասին յայտնեց «Պրիժիթ Պարտօ» հիմնադրամը: Պարտօ ծնած է Փարիզ, 1934 թուականին: Ան իր դերասանական ասպարէզը սկսած է 1952 թուականին եւ միջազգային ճանաչում ձեռք բերած է իր առաջին ամուսինի` Ռոժէ Վատիմի «Եւ Աստուած ստեղծեց կինը» (1956) շարժանկարի գլխաւոր դերակատարումով: Քսանամեայ ասպարէզի ընթացքին Պարտօ նկարահանուած է 48 շարժանկարներու մէջ: Պարտօ աշխատած է Ալեն...

«Քրիստոսին Կ՛աղօթենք, Որպէսզի Լիբանանին,  Պաղեստինին, Իսրայէլին Եւ Սուրիոյ  Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն Շնորհէ»  Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

«Քրիստոսին Կ՛աղօթենք, Որպէսզի Լիբանանին, Պաղեստինին, Իսրայէլին Եւ Սուրիոյ Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն Շնորհէ» Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

Լեւոն ԺԴ. պապը Վատիկանի մէջ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներուն իր արտասանած խօսքին մէջ հայրական ողջոյն ուղղեց քրիստոնեաներուն, «մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնց վերջերս կատարած առաքելական առաջին այցելութեանս ընթացքին ուզեցի հանդիպիլ»: Ան նշեց, որ գիտէ «զանոնք շրջանցող հզօր հակամարտութիւններուն դիմաց անկարողութեան անոնց զգացումը»: «Քրիստոսին կ՛աղօթենք, որպէսզի Լիբանանին, Պաղեստինին, Իսրայէլին եւ Սուրիոյ արդարութիւն ու խաղաղութիւն շնորհէ», նշեց Լեւոն ԺԴ. պապը:...

Ուիթքոֆ. «Լիբանան Անկախ Պետութիւն Է,  Որ Իր Գերիշխանական Որոշումները Ինք Կու Տայ,  Եւ Մենք Կառավարութեան Այդ Կարողութեան  Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք»

Ուիթքոֆ Միջնորդներուն Յայտնեց, Որ Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլը Պիտի Սկսի Յունուարին

Ամերիկացի բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ միջնորդներուն յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան երկրորդ փուլը պիտի սկսի յունուարին: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը` յղում կատարելով իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը: Նշենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 29 դեկտեմբերին Մայամիի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Թել Աւիւ այն մտավախութիւնը ունի, որ Թրամփ ճնշում բանեցնէ երկրորդ փուլի անցնելու,...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 11-րդ Կայանին.  Իսրայէլացի Պաշտօնատարներու Կարծիքով`  Պէտք Է Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժերուն  Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը Արտօնել

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 11-րդ Կայանին. Իսրայէլացի Պաշտօնատարներու Կարծիքով` Պէտք Է Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժերուն Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը Արտօնել

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կարծիքով` Անգարային պէտք է արտօնել Կազայի մէջ միջազգային բազմազգեան ուժին մասնակցելու, մասնաւորաբար շարք մը պետութիւններու մինչեւ հիմա Կազա ուժեր ուղարկելու տատամսելուն լոյսին տակ: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 11-րդ կայանը: Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կարծիքով` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր սպասուող հանդիպումին ընթացքին Կազայի մէջ թրքական ներկայութեան հարցով դժուար կացութեան պիտի մատնուի: Պատկերասփիւռի...

Պերլին. «Մօտիկ Ապագային Կազայի Մէջ  Կայունութեան Ուժի Մը Պիտի Չմասնակցինք»

Պերլին. «Մօտիկ Ապագային Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժի Մը Պիտի Չմասնակցինք»

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատիֆուլ յայտարարեց. «Մօտիկ ապագային Կազայի մէջ կայունութեան ուժի մը պիտի չմասնակցինք»: Ամերիկացի բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ միջնորդներուն յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան երկրորդ փուլը պիտի սկսի յունուարին: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը` յղում կատարելով իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը: Սպիտակ տունէն պաշտօնատարներ, նախքան այդ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին. «Յառաջիկայ ամիս պիտի յայտարարենք Կազայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Քաց. «Սուրիայէն Մէկ Միլլիմեթր Իսկ Պիտի Չշարժինք»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Աշխատանք պիտի տանինք Կազայի հիւսիսին մէջ բնակեցման վայրեր հաստատելու»: «Կազայէն երբեք դուրս պիտի չգանք», նշեց նախարարը: Քաց նաեւ յայտարարեց. «Սուրիայէն մէկ միլլիմեթր իսկ պիտի չշարժինք»:

Ուիթքոֆ. «Ուքրանիոյ Շուրջ Մայամիի  Բանակցութիւնները Արդիւնաւէտ Ու Շինիչ Են»

Ուիթքոֆ. «Ուքրանիոյ Շուրջ Մայամիի Բանակցութիւնները Արդիւնաւէտ Ու Շինիչ Են»

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքին մէջ Ուքրանիոյ հակամարտութեան լուծման բանակցութիւնները «արդիւնաւէտ ու շինիչ» էին: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը: «Որեւէ լուծում պէտք չէ մարտական գործողութիւններու դադրեցումով սահմանափակուի, այլ կայուն ապագայի ամուր հիմք դառնայ», ըսաւ ան: «Ամերիկեան-ուքրանական բանակցութիւնները կեդրոնացան լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջիկայ քայլերու ժամկէտներուն եւ փուլերուն վրայ», յայտնեց Ուիթքոֆ` աւելցնելով. «Ուքրանիան արդար ու տեւական խաղաղութեան...

Page 47 of 882 1 … 46 47 48 … 882

Արխիւներ