Իրան Պիտի Մնայ Սուրիոյ Մէջ. Թեհրան. «Պիտի Հակադարձենք Վենեզուելլա Ուղղուող Մեր Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Ամերիկեան Որեւէ Քայլի»
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ Վենեզուելլա ուղղուող իրանեան քարիւղատարներուն դէմ ամերիկեան որեւէ քայլի` ընդգծելով. «Իրանեան նաւերը Վենեզուելլա քարիւղ կը փոխադրեն պաշտօնապէս եւ` իրաւական գետնի վրայ օրինական առեւտուրի ծիրին մէջ»: «Եթէ Ամերիկա նեղացած է իրանեան քարիւղի Վենեզուելլա փոխադրումէն, ապա ատիկա իր հարցն է: Մեր քարիւղատարներուն ուղղուած անոր սպառնալիքները անօրինական են եւ որեւէ թիրախաւորման...




















