Փորթօ Ռիքոյի նահանգապետ Վանտա Սասքես 3 նոյեմբերին կղզիին նահանգի կարգավիճակով Միացեալ Նահանգներուն միանալու վերաբերեալ հանրաքուէ կատարելու վերաբերեալ օրէնք ստորագրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտենթ» կայքը` յղում կատարելով Փորթօ Ռիքոյի «Եունիվիժըն» պատկերասփիւռի կայանին:
Հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ տեղւոյն ընտրութիւններուն հետ միաժամանակ, սակայն չ՛ենթադրեր, որ Միացեալ Նահանգներ պարտաւոր են ընդունիլ հանրաքուէին արդիւնքը: Նոր նահանգի` պետութեան միանալու մասին վերջնական որոշումը կը պատկանի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին:
Փորթօ Ռիքոն 1898-ին Միացեալ Նահանգներուն կողմէ գրաւուած է Սպանիոյ հետ պատերազմի ընթացքին: Կղզիի միջազգային¬իրաւական կարգավիճակը շատ հակասական է: Փորթօռիքոցիները կը նկատուին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ, սակայն դաշնակցային պիւտճէին հարկեր չեն վճարեր եւ չեն կրնար մասնակցիլ նախագահի ընտրութեան: Կղզիի գերագոյն օրէնսդիր իշխանութիւնը կը պատկանէր Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, սակայն Ներկայացուցիչներու տան մէջ Փորթօ Ռիքոյի շահերը կը ներկայացնէ քուէարկութեան իրաւունք չունեցող ներկայացուցիչը:
Կղզիի գործադիր իշխանութիւնը կեդրոնացած է նահանգապետին ձեռքը: Պետութիւնը զգալի օգնութիւն կը ստանայ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային պիւտճէէն:
2017-ին նմանատիպ հանրաքուէ արդէն կայացած էր, եւ տեղւոյն բնակիչները քուէարկած էին ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու կազմ մտնելուն: