Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ քաղաքապետ, երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան անդամ Էքրեմ Իմամօղլուի դէմ 27 հետաքննութեան սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սէօզճիւ» կայքը:
Հետաքննութիւնները առնչուած են 2014-2019 թուականներուն Իմամօղլուի կողմէ գլխաւորուած Պոլսոյ Պէյլիքտիւզիւ շրջանի համայնքապետարանի գործունէութեան:
31 մարտ 2019¬ին Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքի ջնջումէն եւ նոր ընտրութեան նշանակումէն ետք Իմամօղլուի աշխատանքային գործունէութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւն սկսած էր: Վեց ամիս տեւած ուսումնասիրութեան ընթացքին քննուած են համայնքապետարանին կողմէ 2156 ձեռնարկատէրերու տրուած արտօնագիրները, շինարարութիւն կատարելու համար 5033 արտօնութիւնները, յայտարարուած 685 մրցումները եւ այլ փաստաթուղթեր:
Ուսումնասիրութենէն ետք դատախազութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան արտօնութեամբ ընդդիմադիր քաղաքապետին շուրջ 27 հետաքննութեան սկսած է:
Յատկանշական է, որ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ լիազօրուած ուսումնասիրութեան ղեկավար Արիֆ Եըլտըրըմ 2015 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երեսփոխանական թեկնածու եղած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ցուցակով: