Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխարգիլելու Համար Հաստատուած Է 8-Օրեայ Ընդհանուր Փակման Դրութիւն

May 18, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով որոշուած է երկիրը ութ օրով փակել: Այս մասին կը հաղորդէ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը:

Սէուտական պատկերասփիւռի կայանին հաղորդումով, ինքնամեկուսացման դրութիւնը պիտի սկսի 22 մայիսին եւ երկարի մինչեւ 30 մայիս: Իրաքցիները իսլամներու համար սուրբ ամիս ռամատանի աւարտը խորհրդանշող ֆիթրի եռօրեայ տօնը պիտի անցընեն ինքնամեկուսացման մէջ:

Միջին Արեւելքի երկիրներուն մեծամասնութեան մէջ ռամատանը կ՛աւարտի 24 մայիսին:

Ըստ աւանդութեան, այդ տօնին, որ կը նկատուի իսլամական օրացոյցի կարեւորագոյն օրերէն մէկը, մարդիկ կ՛այցելեն բարեկամներուն եւ ընկերներուն, կը մեկնին քաղաքէն դուրս, կը հաւաքուին այգիներու եւ հանգիստի այլ վայրերու մէջ:

Ներկայիս Իրաքի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու հաստատուած թիւը 3260 է, իսկ մահացածներունը` 121:

Ամերիկեան «Սորրենթօ Թերափիութիքս» կենսաբազմազանութեան ընկերութեան գիտնականները յայտնաբերած են հակամարմիններ, որոնք հարիւր առ հարիւրով կ՛արգելակեն «Քորոնա» ժահրով վարակումը: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ»-ը:

Աղբիւրին տեղեկութիւններով` մասնագէտները վերլուծած են միլիառաւոր հակամարմիններ, որոնց շարքին յայտնաբերած են «Քորոնա» ժահրին վրայ ազդելու ունակ հարիւրաւոր հակամարմիններ, այնուհետեւ գիտնականները առանձնացուցած են տասնեակ հակամարմիններ, իսկ հետագայ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ անոնցմէ «Ս.Թի.Այ.-1499»-ը կրնայ հարիւր առ հարիւրով մարդու բջիջները պաշտպանել վարակէն:

Կը նշուի, որ անիկա կը կլանէ ժահրը եւ չորս օրուան ընթացքին դուրս կը բերէ օրկանիզմէն: Առայժմ փորձարկումները անցած են միայն տարրալուծարանային պայմաններու մէջ, ուստի ընկերութիւնը տակաւին դեղամիջոցի արտադրման արտօնութիւն չէ ստացած:

Նշենք, որ Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 12-ով եւ հասաւ 695-ի: Մահացածներուն թիւը 12 է: Թուրքիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ժահրով վարակուածներուն թիւը 1610 է: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 148.067-ի, իսկ մահացածներունը` 40.96-ի: Փաքիստանի մէջ  վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է 1313 վարակում եւ 39 մահ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 40.112-ի, իսկ մահացածներունը` 873-ի:

Պրազիլի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ժահրով վարակուածներուն թիւը 14.919 է, իսկ մահացածներունը` 816: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 233.142-ի, իսկ մահացածներունը` 15.633-ի: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ժահրով վարակուած են 583 անձեր, իսկ մահացած` 33 ուրիշներ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 174.355-ի, իսկ մահացածներունը` 7914-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին ժահրի պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրացած է 1237-ով եւ հասած 88.730-ի: Երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը 1.466.682 է:

 

 

Նախորդը

Թել Աւիւի Մօտ Իր Բնակարանին Մէջ Յայտնաբերուած Է Չինաստանի Դեսպանին Դիակը

Յաջորդը

Ապտոլլահեան Կը Հերքէ Ասատը Իշխանութենէն Հեռացնելու Մասին Ռուս-Իրանեան Համաձայնութեան Վերաբերող Լուրը

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.