Աֆղանիստանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Զալմայ Խալիլզատ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով` Աֆղանիստանի մէջ ծննդատուներէն մէկուն եւ թաղման արարողութեան ընթացքին կատարուած վերջին երկու յարձակումները «ՏԱՀԵՇ-Հորասանի ձեռքի գործն են, եւ Թալեպան շարժումը անոնց հետ որեւէ կապ չունի»:
«ՏԱՀԵՇ նախապէս ցոյց տուած է իր վարուելակերպը` նախընտրելով քաղաքայիններու դէմ այսպիսի վայրագ յարձակումներ», նշեց ան:
Միացեալ Նահանգներու պատուիրակը աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ կ՛ընդդիմանայ աֆղանական պետութեան ու Թալեպան շարժումին միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան եւ երկրին մէջ Իրաքի ու Սուրիոյ օրինակով տագնապին հրահրման միջոցներ կը փնտռէ:
Խալիլզատ Աֆղանիստանի կառավարութեան եւ Թալեպան շարժումին կոչ ուղղեց` ՏԱՀԵՇ-ի լարած թակարդին մէջ չիյնալու, այլ կողք-կողքի կանգնելու ընդդէմ այդ կազմակերպութեան եւ խաղաղութեան ձգտելու:
Նշենք, որ Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու յարձակումներէն ետք երկրի նախագահ Աշրաֆ Ղանի զինեալ ուժերուն հրահանգած էր Թալեպան շարժումին դէմ պայքարին մէջ անցնելու «յարձակողական» մարտավարութեան: