Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիոյ Մուհամետ պըն Սալման իշխանին Քազիմիէն Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու խնդրանքին մասին ոչինչ գիտենք, բացի լրատուամիջոցներուն միջոցով լսածնէս: Իրան պատրաստ է Սէուտական Արաբիոյ հետ երկխօսութեան եւ սխալ հասկացողութեան փարատման: Թեհրան պատրաստ է Ռիատի հետ միջնորդի ճամբով կամ առանց միջնորդի բանակցելու»:
Ան նշեց, թէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացումը Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ երկխօսութեան կը կարօտի: Թեհրան կ՛ողջունէ այդ առնչութեամբ առնուած որեւէ քայլ, եւ եթէ Սէուտական Արաբիան այդ ուղղութեամբ ընթանայ, «Իրանի թեւերը բաց են անոր առջեւ»: