Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Շարք Մը Երկիրներ Իրենց Սահմանները Վերաբացած Են Զբօսաշրջիկներու Դիմաց

June 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նետերլանտներու կառավարութիւնը այսօրուընէ սկսեալ իր երկրի քաղաքացիներուն զբօսաշրջութեան նպատակով 16 եւրոպական երկիր մեկնելու արտօնութիւն տուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ Գերմանիան երկուշաբթի օրուընէ ջնջած է սահմանային հսկողութիւնը. Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու քաղաքացիները այլեւս ստիպուած պիտի չըլլան բացատրութիւն ներկայացնելու, թէ ի՛նչ նպատակով կը մեկնին այդ երկիր:

Ֆրանսան բացած է սահմանները Եւրոպական Միութենէն եւ Շենկենի գօտիէն ճամբորդութիւններու համար: Կը նշուի, որ «Քորոնա» ժահրի վարակակիրներու մեծ թիւ ունեցող Սպանիայէն եւ Բրիտանիայէն բացի, այլ երկիրներէ Ֆրանսա եկածները այլեւս ստիպուած պիտի չըլլան մեկուսացումի դրութեան մէջ մնալ:

Ֆինլանտան ջնջած է Նորվեկիայէն, Դանիայէն, Իսլանտայէն, Էսթոնիայէն, Լաթվիայէն եւ Լիթուանիայէն ժամանումներու սահմանափակումները, որովհետեւ այս երկիրներուն մէջ վարակման մակարդակը նուազած է` հասնելով Ֆինլանտային:

Սպանիան, բացառութեամբ սպանական որոշ կղզիներու, մինչեւ 21 յունիս չի պատրաստուիր օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ ընդունիլ:

Դանիան Իսլանտայէն, Գերմանիայէն եւ Նորվեկիայէն զբօսաշրջիկներուն պիտի արտօնէ երկիր մուտք գործել, պայմանով որ վերջինները նախօրօք վեց գիշերուան համար ամրագրում ընեն:

Յունաստանը Եւրոպական Միութեան 8 երկիրներէ եկածներու համար պարտադիր մեկուսացումի գօտի հաստատած է:

Չեխիոյ մէջ գործող համակարգը կ՛արգիլէ «նարնջագոյն» կամ «կարմիր» գօտիի մէջ գտնուող երկիրներէ, ինչպէս օրինակ, Փորթուգալէն եւ Շուէտէն զբօսաշրջիկներու մուտքը երկիր:

 

 

 

Նախորդը

Իսրայէլ Կը Ձեռնարկէ «Թրամփի Բարձունքներ» Բնակեցման Վայրի Կառուցման Աշխատանքին

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ Համաճարակի 2-րդ Ալիքի Մտավախութիւն. «Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա»-էն Ետք Կեանքը Իր Բնականոն Ընթացքին Պիտի Վերադառնայ Միայն Յառաջիկայ Տարի» Կ՛ըսէ Ֆաուչի

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.