Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթլանթայի Ոստիկանութիւնը Պաշտօնազրկեց Ափրիկեցի-Ամերիկացի Պրուքսը Սպաննած Ոստիկանը

June 15, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աթլանթայի ոստիկանութեան բանբեր Քարլոս Քամփոս «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ ուրբաթ գիշեր Աթլանթայի մէջ ափրիկեցի-ամերիկացի Ռէյշըրտ Պրուքսին վրայ կրակ բանալով զայն սպաննած ոստիկանը պաշտօնազրկուած է:

Միջադէպին առնչուած երկրորդ ոստիկանին վարչական պաշտօն տրուած է:

Աթլանթայի քաղաքապետ Քիշա Լանս Պաթըմզ յայտնեց, որ քաղաքի ոստիկանապետ Էրիքա Շիլտզ հրաժարած է իր պաշտօնէն:

Պաթըմզ աւելցուց, որ ատիկա Շիլտզի որոշումն է,  եւ ան քաղաքի իշխանութիւններուն մէջ պիտի մնայ անորոշ դերակատարութեամբ:

Աթլանթայի քաղաքապետը պահանջեց ուրբաթ գիշեր Աթլանթայի «Ուինտիզ» ճաշարանին վրայ կրակոցին մեղսակից ոստիկանը պատասխանատուութեան կանչել եւ ըսաւ.  «Յստակ տարբերութիւն կայ «ի՛նչ կրնաս ընելու»-ն եւ «ի՛նչ պէտք է ընես»-ի միջեւ, եւ չեմ կարծեր, թէ ասիկա մահաբեր ուժի կիրարկման արդարացուած պարագայ էր»:

Սպաննուած ափրիկեցի-ամերիկացին 27 տարեկան է, ան վիրաւորուելէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր մահացած է, իսկ ոստիկաններէն մէկը դարմանումի ենթարկուած է եւ դուրս եկած հիւանդանոցէն:

Ոստիկանութիւնը Պրուքսը ենթարկած է ոգելից ըմպելիի քննութեան, զոր ձախողած է, եւ ան, ըստ ականատեսներու, ձերբակալման ընթացքին փորձած է ոստիկանութեան դիմադրել եւ փախուստ տալ, ուստի ոստիկանութիւնը անոր վրայ կրակ բացած է:

Աթլանթայի կառավարիչ Պրայըն Քիմ դէպքէն ետք հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց` յայտնելով, որ ոստիկանութեան վարմունքին շուրջ հետաքննութիւն պահանջած է:

Նշենք, որ երէկ եւս ամերիկեան ոստիկանութիւնը Քալիֆորնիոյ Սան Պերնանտինօ քաղաքի վառելանիւթի կայարաններէն մէկուն մէջ սպաննած է երիտասարդ մը:

Նախորդը

Լիպիոյ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Կ՛ողջունէ Լիպիական Տագնապին Վերջ Տալու Նախաձեռնութիւնը Եւ Պայմաններ Կը Ճշդէ

Յաջորդը

Խոստանալով Չարտօնել Թուրքիոյ Կողմէ ՕԹԱՆ-ի Շահագործումը. Ֆրանսայի Նախագահական Պալատը Կը Դատապարտէ Լիպիոյ Մէջ Թրքական «Անընդունելի» Միջամտութիւնը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.