Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ծագումով Ափրիկեցի Մը Նշանակուած Է Ամերիկեան Օդուժի Սպայակոյտի Պետ

June 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը վաւերացուցած է օդուժի սպայակոյտի պաշտօնին ծագումով ափրիկեցի զօրավար Չարլզ Պրաունի նշանակումը:

«Փոլիթիքօ» կը նշէ, թէ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ այդ պաշտօնը պիտի վարէ ծագումով ափրիկեցի զինուորական մը: Անոր թեկնածութեան աջակցած է 98 ծերակուտական, ոչ ոք դէմ քուէարկած է:

Պրաունի նշանակումով ափրիկեցի-ամերիկացին 1993 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի ընդգրկուի Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու կոմիտէի կազմին մէջ:

«Փոլիթիքօ» ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն իրողութեան վրայ, թէ քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է այնպիսի կացութեան մէջ, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՛ունենան ցեղային անհաւասարութեան դէմ բողոքներ, որոնք 25 մայիսին սկսած են Մինիափոլիսի մէջ ոստիկանի մը կողմէ ափրիկեցի-ամերիկացի Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք:

«Ես կը կարծեմ, որ իմ առաջադրումս ո՛չ միայն որոշ չափով յոյս կը ներշնչէ, այլ նաեւ ինծի համար մեծ պարտաւորութիւն է: Ես չեմ կրնար շտկել մեր երկրին մէջ դարերու պատմութիւն ունեցող ստրկութիւնը եւ ոչ ալ խտրականութեան տասնամեակները, որոնց ենթարկուած են մեր օդուժի ներկայացուցիչները», նախապէս ըսած էր Պրաուն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ծերակոյտին մէջ քուէարկութենէն առաջ անձամբ շնորհաւորած է զօրավարը:

«Ասիկա պատմական օր է Ամերիկայի համար: Ուրախ եմ աւելի շատ աշխատիլ զօրավար Պրաունի հետ, որ հայրենասէր մարդ է եւ մեծ ղեկավար», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Նախորդը

Ռումանիան Կրնայ Ռուսիան Իբրեւ Թշնամի Պետութիւն Ճանչնալ

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփ Ուզած Է Պաշտօնազրկել Էսփըրը` Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անկարգութիւններուն Շուրջ Տարակարծութիւններու Պատճառով

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.