Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ Եւ Տաւութօղլու Եմէնի Եւ Լիպիոյ Հարցով Համակարծիք Են

Յունիս 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկած են շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ Ասթանայի հոլովոյթին առնչուող հարցեր` նշելով, որ Թուրքիան կը մերժէ Իրանի դէմ հաստատուած միակողմանի պատժամիջոցները:

«Պիտի շարունակենք Իրանի հետ սուրիական եւ շրջանային այլ հարցերու առումով գործակցիլ», նշեց Չաւուշօղլու:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ հետ գործած է Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատելու համար` աւելցնելով. «Ռուսիոյ հետ կը քննարկենք Լիպիոյ մէջ զինադադարի հաստատման յաջորդող փուլը եւ այդ հարցը կը քննարկենք նաեւ լիպիական կողմերուն հետ»:

Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ Լիպիոյ հարցով տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին` նշելով, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ հանդիպումին յետաձգման նպատակը Լիպիոյ շուրջ քննարկումները խորացնելն է:

Զարիֆ իր կարգին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ օդային թռիչքները վերականգնուած են եւ անոնք կը սկսին 1 օգոստոսէն սկսեալ, «եւ քննարկեցինք դէպի Թուրքիա իրանեան բնական կազի հոսքի հարցը»` աւելցնելով, որ իրանեան բնական կազը պիտի սկսի դէպի Թուրքիա հոսիլ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ բացայայտեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պիտի այցելէ Իրան եւ առեւտրական համաձայնագիրներ կնքէ, ինչպէս նաեւ մօտ օրէն «Քորոնա» ժահրի տագնապի աւարտէն ետք, Թեհրանի մէջ Ասթանայի հոլովոյթին շուրջ վեհաժողով պիտի գումարուի:

«Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ արձանագրուած զարգացումները քննարկեցին, եւ մենք ու Թուրքիան կը ջանանք Եմէնի մէջ խաղաղութիւն հաստատել», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Կնքեցինք դիւանագիտական ու քաղաքական գործակցութեան համաձայնութիւն մը, որ տնտեսական գործակցութեան ոլորտին մէջ թրքական եւ իրանեան դիւանագիտութեան պիտի նպաստէ»:

Զարիֆ մամլոյ ասուլիսէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Պոլսոյ մէջ բարեկամիս` Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ: Երկկողմանի գործակցութեան եւ շրջանային ու համաշխարհային հարցերու շուրջ խոր քննարկում եւ արդիւնաւէտ որոշումներ: Սերտ խորհրդակցութիւնները հրամայական են: Յաջորդ քայլը` Մոսկուա: Դրացիները միշտ մեր առաջնահերթութիւնն են»:

Նախքան այդ Զարիֆ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները նկատեց «տարբեր մարզերու մէջ լաւ ու սերտ»:

Ան կիրակի օր  Անգարա հասնելէ ետք յայտնած էր. «Դրացիներու հետ յարաբերութիւնները մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթութիւն են, ուստի «Քորոնա»-ի պատճառով ստեղծուած նոր կացութենէն ետք այցելեցինք Սուրիա, իսկ այսօր ուրախ ենք նաեւ Թուրքիա այցելելով»:

Նախորդը

Թուրքիան Կ՛արգելակէ ՕԹԱՆ-ի Հակառուսական Ծրագիրը

Յաջորդը

«Ամերիկայի Մէջ Ցոյցերը Երկրին Մէջ Խոր Ներքին Տագնապներու Գոյութեան Ցուցանիշ Են» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?