Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Կը Ձեռնարկէ «Թրամփի Բարձունքներ» Բնակեցման Վայրի Կառուցման Աշխատանքին

June 16, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ի պատիւ բնակեցման նոր վայր կառուցելու իրական քայլերուն կ՛անցնի: Այս մասին կը գրէ «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը` յղում կատարելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` իսրայէլեան կառավարութեան նիստի ժամանակ կատարած յայտարարութեան:

Յայտնի է, որ բնակեցման վայրը պիտի ստեղծուի բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն վրայ եւ պիտի կրէ «Ռամաթ-Թրամփ» անունը, ինչ որ թարգմանաբար կը նշանակէ Թրամփի բարձունքներ:

Կը նշուի, որ բնակեցման վայրի հիմը դնելու արարողութիւնը տեղի ունեցած է անցեալ տարուան յունիսին, անոր ներկայ եղած է Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ վարչապետ Նեթանիահուին եւ Իսրայէլի պետութեան` նման պատիւի համար», օրին թուիթըրեան իր գրառումին մէջ ըսած էր Թրամփ:

Յիշեցնենք, որ Նեթանիահու Կոլանի բարձունքներուն վրայ կառուցուելիք բնակավայրը Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահի պատիւին կոչելու որոշումը տուած էր ապրիլ 2019-ին, երբ Թրամփ ստորագրած էր հրամանագիր մը, որով Ուաշինկթըն կը ճանչնայ Կոլանի բարձունքներուն վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներ արդէն Երուսաղէմը ճանչցած էին իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ իրենց դեսպանատունը այդտեղ տեղափոխած:

Նախորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Թրամփ Ուզած Է Պաշտօնազրկել Էսփըրը` Միացեալ Նահանգներու Մէջ Անկարգութիւններուն Շուրջ Տարակարծութիւններու Պատճառով

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Շարք Մը Երկիրներ Իրենց Սահմանները Վերաբացած Են Զբօսաշրջիկներու Դիմաց

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.