Յունական Բանակի Սպայակոյտի Պետը Թուրքիոյ Հետ Զինուորական Տագնապը Կը Նկատէ Հաւանական Եւ Կը Սպառնայ «Հրկիզել» Թուրքերը, Եթէ Երկիր Ներխուժեն
Յունական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Քոնսթանթինոս Ֆլորոս յայտարարած է, որ երկրին զինեալ ուժերը պատրաստ են արձագանգելու եւ կա0նխարգիլելու Թուրքիոյ կողմէ որեւէ գործողութիւն, եւ խոստացած է «հրկիզել» ան, որ կը ներխուժէ երկիր: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով «Օփըն» պատկերասփիւռի կայանին: «Մէկ շաբաթ առաջ գլխաւոր շտապի պետը շարք մը այլ զինուորներու հետ անկարգելային թռիչք կատարեց` այդ ձեւով ուղերձ յղելով...




















